ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՀԻՒՐ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Սպանիոյ Սոֆիա թագուհին, որ եռօրեայ այցելութիւն մը կու տայ դէպի Երեւան: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Սպանիոյ թագուհիին այցելութիւնը եւ յոյս յայտնեց, թէ ան Հայաստանի մէջ կ՚ունենայ ջերմ տպաւորութիւններ: Վարչապետը աւելցուց, որ այս տարի արդէն Սպանիայէն երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ՝ նախ վարչապետ Փետրօ Սանչէզ, իսկ այժմ Սոֆիա թագուհին կը հիւրընկալուին Հայաստանի մէջ: Սա կը վկայէ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը: 

Փաշինեան համոզուած է, թէ պէտք է օգտագործել երկկողմանի յարաբերութիւններու այժմու դրական թափը՝ քաղաքական երկխօսութիւնը ա՛լ աւելի ամրապնդելու ուղղութեամբ: 

Սոֆիա թագուհին շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ նշեց, որ տպաւորուած է իրեն նկատմամբ Հայաստանի մէջ ցուցաբերուած վերաբերմունքով: Ան նշեց, որ Երեւանի մէջ կը մասնակցի Արքայազն Թալալի «Արքայազն Թալալ» մարդկային զարգացման միջազգային մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան, ինչպէս նաեւ կը պատրաստուի այցելել Հայաստանի պատմամշակութային վայրերը եւ ներկայ գտնուիլ Հայաստան-Սպանիա բարեկամական կապերուն նուիրուած միջոցառումներուն: 

Զրոյցի տեւողութեան Փաշինեան եւ Սոֆիա թագուհին կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի յարաբերութիւններու ապագայ զարգացման վերաբերեալ հարցերու շուրջ: 

Սոֆիա թագուհին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ: Իր այցելութիւնը պիտի տեւէ մինչեւ վաղը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2026