ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հաւատարիմ ընթերցողներէն Նազիկ Ճաւաք վերջերս խմբագրութեանս ուղարկեց իր կողմէ գրի առնուած ձօն մը՝ թերթիս հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի ծննդեան 75-ամեակի եւ լրագրական գործունէութեան 45-ամեակի կրկնակ յոբելեաններուն առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք թերթիս բազմամեայ ընթերցողին կողմէ ուղարկուած ձօնը։
*
Շատ-շատ տարիներ առաջ,
Ժողովուրդը գերի դարձած՝
Կարծես լծուած սայլին,
Տգիտութեան մատնուած…
Այդ օրերուն, կարգ մը մարդիկ՝
Գօչունեան գիտակից ընտանիք,
Լաւ գաղափար յղացան՝
Մարդիկ լուսաբանել սկսան։
Օրաթերթ մը հիմնեցին,
Անունը ԺԱՄԱՆԱԿ դրին։
Տարիներ անցան գացին,
119 տարիներ յաջորդեցին,
Նատիա եւ Արա Գօչունեան
Անխոնջ ճիգեր վատնեցին,
Օրաթերթը պատնէշի վրայ՝
Հաստատ, անխախտ պահեցին։
Այսօր այդ օրաթերթը
Փայլուն դիրքի հասցուցին,
Յաւերժ ապրի ԺԱՄԱՆԱԿ-ը,
Յարգա՜նք ողջ անձնակազմին։
ՆԱԶԻԿ ՃԱՒԱՔ