ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐ

Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորը, որ պետական այցելութիւն մը կու տայ Ուաշինկթըն, երէկ, ելոյթով մը հանդէս եկաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ։ Թագաւորը այս առթիւ նշեց, որ հակառակ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի անորոշութեան ու հակամարտութեան՝ ԱՄՆ եւ Անգլիա միշտ կ՚ըլլան հաւատարիմ դաշնակիցներ՝ միաւորուած ժողովրդավարութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ։ Թագաւորը Լոնտոն-Ուաշինկթըն առանցքին տեսակէտէ ընդգծեց նաեւ ՆԱԹՕ-ի կարեւորութիւնը՝ յիշեցնելով Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը։

 Քոնկրէսի այս ելոյթէն վերջ, Չարլզ Գ. թագաւորն ու Քամիլլա թագուհին անցան Սպիտակ տուն, ուր ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ պետական ընթրիք մը սարքեցին՝ անոնց ի պատիւ։ Ընթրիքի շքեղ սեղաններուն շուրջ բաժակաճառեր արտասանեցին նախագահն ու թագաւորը։

Հարկ է նշել, որ Սպիտակ տան այս պետական ընթրիքին հրաւիրուած էր նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Նարեկ Մկրտչեան։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2026