ԱՐՄԷՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ ՎԵՐԸՆՏՐՈՒԵՑԱՒ

Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ վերընտրուեցաւ փրոֆ. Արմէն Մուրատեան, որ վերջին տարիներու իր պաշտօնավարութեամբ իսկական վերելքի մը ճամբուն մէջ դրած է այս բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնը: 

Համալսարանի հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի ժողովի ընթացքին կատարուեցաւ վերատեսուչի ընտրութիւնը: Նախընթաց օրուան նիստը գլխաւորեց՝ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Միքայէլ Ադամեան: Խորհուրդը գումարուեցաւ ամբողջական կազմով: Քսան անդամներէն տասնինն ձայն տուաւ փրոֆ. Մուրատեանին եւ այսպէսով ան վերընտրուեցաւ համալսարանի վերատեսուչ: Արմէն Մուրատեան անցեալի մէջ մաս կազմած է նաեւ Հայաստանի կառավարութեան՝ միջոց մը վարելով առողջապահութեան նախարարի պաշտօն։

Ըստ սահմանուած ընթացակարգին՝ հոգաբարձուներու խորհուրդը նախապէս բաց մրցոյթ յայտարարած էր վերատեսուչի պաշտօնին համար:

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026