ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԺԱՄԿԷՏ

Իսրայէլի կառավարութիւնը շաբաթավերջին միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ նախագծի մը, որով կը նախատեսուի ճանչնալ հայոց ցեղասպանութիւնը։ Վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուի կողմէ գլխաւորուած կառավարութեան այս որոշման հիման վրայ՝ նախագիծը յառաջիկայ օրերուն պիտի ուղարկուի Քնեսէթ։ Խորհրդարանի օրակագրին վրայ գալէ վերջ, եթէ նախագիծը հաւանութեան արժանանայ, ապա Իսրայէլ պիտի դատապարտէ նաեւ հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը, նուազեցումը կամ զայն խեղաթիւրելու որեւէ փորձ։

Այս գործընթացը սկսաւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարի նախաձեռնութեամբ։ Իր գլխաւորած նախարարութիւնը կառավարութեան ներկայացուց համապատասխան առաջարկ մը, որու հիման վրայ բանաձեւը արդէն ընդունուեցաւ եւ ուղարկուեցաւ խորհրդարան։

Մինչ իրադարձութիւններու շարունակութեան կը սպասուի հետաքրքրութեամբ, Իսրայէլի այս նախաձեռնութեան ժամկէտը ծայր աստիճան ուշագրաւ է։ Արդարեւ, Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ լուրջ խոչընդոտներ յառաջացած են վերջին շրջանին։ Անգարա-Թել Աւիւ առանցքին վրայ առկայ են բաւականին բարդ խնդիրներ, որոնք ատեն-ատեն ռազմավարական շահերու իմաստով խոր հակադրութիւններու ծնունդ կու տան։ Երկար ատենէ ի վեր Իսրայէլէն թէեւ կը պահանջուէր այսպիսի քայլ մը, սակայն, ան ձեռնպահ կը մնար՝ ատեն-ատեն պատճառաբանելով Թուրքիոյ հետ մշակած ռազմավարական համագործակցութիւնը։ Այսօր, երբ այդ իրադրութիւնը հիմնովին փոխուած է, Իսրայէլ արդէն քաղաքական նպատակայարմարութեամբ կը դիմէ սոյն նախաձեռնութեան։

Թուրքիա բուռն ձեւով կը բողոքէ Իսրայէլի այս նախաձեռնութեան դէմ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, որով կ՚արտայայտուի պաշտօնական հակազդեցութիւնը։ Այսպէս, յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ արար աշխարհի աչքին առջեւ Պաղեստինի ժողովուրդին դէմ սիստեմաթիք զուլում կը գործադրէ Իսրայէլը, որ ներկայիս Արդարադատութեան միջազգային ատեանին առջեւ կը դատուի Կազզէի բնակչութեան դէմ ցեղասպանութիւն կատարած ըլլալու մեղադրանքով։ Իսրայէլի կառավարութեան այս քայլը, ըստ յայտարարութեան, կը ծառայէ սեփական յանցանքները թաքցնելու նպատակին։ Սա յետին նպատակով նախաձեռնութիւն մըն է, որով կ՚անտեսուին իրաւական եւ պատմական ճշմարտութիւնները։ Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ ընդգծուած է, որ պաղեստինցիներուն դէմ գործուած յարձակումներուն կապակցութեամբ սկսած է հարցաքննութիւն մը, որու ծիրէն ներս ձերբակալման վճիռ արձակուած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուին դէմ։

Ի լրումն այս բոլորին, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձանագրած է, որ այս նախաձեռնութիւնը կու գայ ապացուցանել, թէ Նեթանյահուն եւ իր յանցակիցները որքան նեղ կացութեան մը մատնուած են։ Յայտարարութեան եզրափակիչ փուլին մէջ շեշտուած է, որ Իսրայէլ տարածաշրջանէն ներս կը հետեւի ծաւալապաշտական եւ ապակայունացման քաղաքականութեան։ Նեթանյահուի կառավարութիւնը պէտք է հաշիւ տայ քաղաքային բնակչութեան դէմ գործած յանցանքներուն համար՝ գլխաւորութեամբ Պաղեստինի ժողովուրդը։ Իսրայէլ պէտք է վերջ տայ համապատասխան քաղաքականութիւններուն։ Թուրքիա այս բոլորին ուղղութեամբ պիտի շարունակէ վճռական գործունէութիւն ծաւալել։

Անգարայէն հնչած այս բուռն բողոքի յայտարարութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, քաղաքական մեկնաբանները դիտել կու տան, որ այս գործընթացը Թել Աւիւ-Պաքու առանցքին վրայ ալ ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաար այս գործընթացի սկիզբին հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Թել Աւիւի ղեկավարութիւնը փորձած է Պաքուն կանխաւ տեղեակ պահել այս գործընթացէն։ Յամենայնդէպս, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի կառավարութեան նախաձեռնութեան կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ։ Այսպէս, Պաքու կը պնդէ, որ 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ պատմական փաստերը կը խեղաթիւրուին, իսկ այդ նիւթը քաղաքական որոշման առարկայ դարձնելը անընդունելի է։ Նախարարութիւնը շեշտած է, որ Իսրայէլի այս քայլը կը նպաստէ ո՛չ թէ հաշտեցման ու փոխըմբռնման, այլեւ կը խորացնէ հակասութիւնները եւ կը խոչընդոտէտարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան հաստատումը։ Ուստի, Պաքու կոչ ուղղած է, որպէսզի Թել Աւիւ ձեռնպահ մնայ վերջնական որոշում մը ընդունելէ։ Հարկ է նշել, որ Երեւանի ղեկավարութիւնը առայժմ լռութիւն կը պահէ այս իրադարձութիւններուն կապակցութեամբ։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026