«ՀՈՆ Է ՏՈՒՆՍ…»

Ամերիկահայ բանաստեղծ Վիգէն Յովսէփեան ունի բացառիկ գործ մը՝ «Հոն է տունս» խորագրեալ։ Սովորական բանաստեղծութիւն մը չէ անոր գրածը այն ժամանակներուն, երբ բանաստեղծութիւնը լուրջ հարցադրումներու ժամանակը կը բոլորէ։ Կը բոլորէ կ՚ըսեմ, որովհետեւ այն ժամանակը, որուն ծայրերէն կը քալենք, անհատնում է, վերջ մը չունի, վախճանի մը պիտի չհասնի ու մենք կ՛ամ առնուազն մեզմէ շատեր կ՚ուզենք հաւատալ, որ այդ ժամանակը սպառելու եւ վերջանալու համար չէ։ 

Չեմ մտներ խոհափիլիսոփայութեան աղի պարոյրներուն մէջ, ո՛չ ալ կ՚ուզեմ շարժիլ այդ մտածումներուն ինչ-որ տեղ տուրք տալով։ 

Ամենակարեւորը չեմ ստեր։

 Ճիշդ է, որ կը գրեմ նախ եւ առաջ ինծի համար, բայց գրելու արարքս ինքնանպատակ չէ։ 

Չէ եղած ասկէ առաջ ու յետոյ ալ պիտի չըլլայ։

Կ՚ուզեմ տեղ մը հասնիլ, կարմիր գուլպաներս հանել, ոտքերս դնել պաղ քարերուն, տաք սուրճի բաժակը բռնել ու երկար դիտել դիմացի մայթէն անցնողները։

Այն կէտը, որուն վրայ փարած են զգացումներս, այն սենեակը, ուր կայ իմ մաքուր անկողինս, պահարանս հագուստներու եւ ուր կան պահարաններս ու անոնց մէջ իրարու վրայ «պառկած» գիրքերս՝ տունս է՞։

Ո՞ւր է տունս ի վերջոյ, ես ալ հարց պիտի տամ ու արդէն քանի տարի այդ հարցումին ետեւէն է, որ կը վազեմ հոս ու հոն։

Տունը նախ հաւաքական անցեալի մը արտայայտիչը չէ՞, հինէն եկած պատահումներու, դէպքերու, ծնունդներու, մկրտութիւններու, խորհուրդներու, տօներու, հաւաքավայրերու հանդիպման կէտերու տեղը չէ՞։

Միշտ ետ ու առաջ կ՚ուզեմ նայիլ այդ հարցումները արտաբերելու ատեն, լեզուս չի բռնուիր, ուսէս վար ցաւոտ մկաններս չեն «խօսիր», կիրքս չի բանիր, երազներս կը մնան անձրեւոտ, բայց առանց թախիծի, սակայն հարցումը կը հալածէ զիս։

Ո՞ւր է տունս։ 

Պուրճ Համուտի ճարպիկ թաղամասերէն անցած ատենս, մէկ ձեռքիս 2000-ականներու «շաուրմա»ն եւ միւս ձեռքիս բանաստեղծութեան «իւղոտ» տետրակը։ Հոն նստած ենք ես եւ «Մախլուֆ»ին անկիւնը Վ. Խտըշեանի դեղնած մօրուքէն գոլորշիացող խենթութիւնը։ Թեւերս սոթտելով կը խօսիմ Տորայի արաբերէնը, հնդիկներ սուրամի, քաշմիր, փաքի կանաչ տերեւով խակ ուտելիքներ ու սիրտս վեր կը բարձրանայ ստանալու համար կերպընկալէ տոպրակներուն եւ հատիկ-հատիկ կլոր «ֆալաֆիլ»ներու տուփիկներուն գումարները։ 

Դիմացս կանգնած վերեւ սանտրուած մազերով, իւղոտ մազերով տանտէրը կը պատմէ իր անցեալէն մինչեւ ներսէն բուն վարպետը գայ եւ դրամը դնէ սեղանին։

Իսկ ես բանաստեղծութիւն կը փսխեմ, ինչպէս պիտի ընէին կիրակի օրուայ բանաստեղծներէն շատեր…։

Գիշերը լաւ սիրաբանած պէտք է ըլլաս, հասկնալու համար խոշորացոյցիդ իրական սլաքներուն ուղղութիւնը։ Եւ առտուն, ուր որ են Անտրէն եւ Յարութը պիտի գան ու անոնց պատմես չնաշխարհիկ պահերը Վ.ին հետ (Հիմա արդէն պարզ է այլեւս, որ չնաշխարհիկը ան չէր, այլ պահն էր չնաշխարհիկ)։ Քրտինքը կը ծորի, «Ում քալթում»ը կը կանչէ սիրոյ արբունքին, երազը կը բացուի եւ սերմելէն ետք ամբողջ տեսարանը կ՚ամբողջանայ իբրեւ նոր մարդ մը, որ դեռ տունը փնտռտելէն անդին սիրել գիտէ։ Սէրը ո՞ւր է, կը հարցնես դուն քեզի, կարծելով, որ կիրակի առաւօտուն Համրայի մայթերը անկարելի սիրոյ մը հանդիպումները պիտի ըլլան։

Ծխախոտ, սուրճ, արաբախօս բանաստեղծ եղբայրներ, որոնք նոյնպէս կը պատմեն իրենց շաբաթ գիշերուայ սիրոյ կաթիլներուն մասին, մէկ տարբերութեամբ, որ իրենց պարագային «Ո՞ւր է տունս» հարցումը չկայ ու տեղ ալ չունի։

Մէկ կողմէն Ալին է, Պէյրութի Հարաւային արուարձանի իմ ընկերը, որուն հետ ընտրարշաւներու ալ գացած կ՚ըլլաս, միւս կողմէ Ղասսան Ժաուատն է, որ աւելի ուշ թքած կ՚ունենար բանաստեղծութեան մեր աշխարհին վրայ, տակաւին ուրիշներ, որոնք թատրոն եւ երգ կը ներկայացնեն…։

Համրան չքնաղ է իր վայրի երգով, 1982 թուականի Իսրայէլի ներխուժումէն ետք, իր անպարտելիութեամբ եւ խորունկ-խորունկ անցումներով։

Առաջին յարկի գարեջրատուներով ու խաբուսիկ ու պատահական հանդիպումներով։

Հոն էր նաեւ, որ միշտ ու ամէն առիթի դուն հարց կու տայիր՝

Հոս է՞ տունս։

Ճիշդ է այդ կրակոտ պահուան մէջ հարցումները կը հալէին ու կարեւորը հարցումէն աւելի ապրումն էր, պահուան տուած վայելքն էր, մեթր Գասպար Տէրտէրեանին հետ վէճ մը առաջ տանիլն էր, իսկ դիմացը հոն՝ Մոտքային ծայրը եղանակի աստիճանները չափչփող ցուցատախտակին հետեւիլն էր։

Այսօր 40-ի պիտի հասնի ջերմաստիճանը, սակայն, վաղը դարձեալ պիտի զովանայ եւ նոյնիսկ անձրեւներ կրնան տեղալ։ 

Հաւանաբար, Տէրտէրեանին հետ միակ բանը, որուն մասին կարելի էր համաձայնիլ, եղանակի տեսութեան կանխատեսումն էր, հեռու անոր ընկալումներէն, կարմիրի մասին, Մուրճ մանգաղով «զարդարուած» պաստառներուն մասին, սովետի ու սովետական երազներուն մասին, որոնք, բարեբախտաբար, ա՛լ չկային, անցած էին ու անցեալ էին…

Ու հոն անգամ այդ Պէյրութի մեծ ազատութեան մէջ հարց պիտի տայիր ամէն անգամ, որ տիւրզի ընկերուհիդ ականջիդ փսփսար ու դուն երեսին նայելով, բայց մտովի հարց պիտի հարց տայիր.

Հոս Ռանա, հոս իմ տո՞ւնս է…։ 

Պէյրութէն կ՚անցնիմ դէպի Պոլիս ու թեթեւ քայլերով, շատ յաճախ վախով ու որոնումով… կամաց-կամաց տուն կ՚ելլենք, դիմացի դուռը կը բանանք, Տիկին Մալաքին տունը կը մտնենք ես եւ Նիկոլ Պէզճեանը, ան իր սենեակը, ես իմ…

«Գիշերը սոսկալի երազներ տեսայ, ամբողջ անկողինս կ՚այրէր…», կ՚ըսէ բեմադրիչը, իսկ ես՝ «Շատ հաւանաբար Պէյրութէն առած օղիդ էր, որ կը խօսէր մէջդ…», կը յառաջեմ։

Ամէն քաղաքի մէջ պիտի ապրիս, ինչպէս որ իրենք կ՚ապրին, պիտի խմես այն, ինչ որ իրենք կը խմեն, պիտի խօսիս, ինչպէս որ իրենք կը խօսին. կրնաս այս բոլորը չընել, բայց մանաւանդ՝ օղիի պարագային ետեւ պիտի չնայիս։ Շատ լաւ կը յիշեմ, որ մեր խմած օղին աւելի լաւ չէր, քան ինչ որ Մինասենց հետ խմեցինք վերջին անգամ, երբ «մեզմէ» գացինք…

Ճաշերն ալ լաւ էին, չնայած մենք՝ պէյրութցիներս ամէն ինչին մէջ մեր համը կը փնտռենք, քիչ մը «բարակին կը նայինք», քիչ մը անցեալը կը փնտռենք ու նաեւ հին համերուն մասին մեր «հպարտութիւն»ը կը դնենք սեղանին։

Պոլիսը այս բոլորին մէջ, այն երեք քաղաքներուն մէջ, ուր ես ապրած եմ, ուրիշ կախարդական բան մը ունէր։

Հոն լեզուն, որ հետդ չէ եղած բնաւ, քեզմէ մաս մը կը դառնար։ Լեզուն ի վերջոյ գործիք է, մարդոց հետ յարաբերուելու համար միջոց, հասկցուելու, սուրճ մը գնելու, ջուր մը խնդրելու ու բացի այդ կտոր մը հաց ուտելու։

Այդ լեզուն է, որ մէջդ շարունակութիւն մը ունի, մէջդ պատմութիւն մը ունի, մէջդ դարձած է մեծ սպասում մը եւ արկածներէն անդին երթալու սկզբնաւորութիւն մը։

Դուրեան Պետրոսին հետ, մեծն պարոն Մեծատուրեանին առջեւ, կամ նոյնիսկ Մատթէոս էֆէնտի Մամուրեանի անշիրիմ յիշատակներուն մէջ հասարակաց բան մը կայ։ Այդ քու տունդ է՞, նորէն այդ հալածող հարցադրումը, որ տանիքէ տանիք կը թռչի։ Անձրեւոտ եղանակներուն Պոլսոյ շէնքերէն բարձրացող կղմինտրէ ծխնելոյզներէն դուրս եկող գոլորշին, կատուները ճեփճերմակ ու շփացած եւ ուստաներուն պատրաստած խոշոր սիսեռներով ճերմակ փիլաւներուն տարածուող հոտը… 

Այդ սիսեռով ճաշերը զիս կը տանին մեծ մամայիս գիրկը, վստահ ալ չեմ, որ մեծ մամաս օր մը գրկած ըլլայ զիս։ Այն ժամանակներուն, երբ սկսայ հասկնալ, թէ ո՛վ էր մեծ մաման, արդէն իրմէ մեծ էի, իրմէ խոշոր։ Ինքը կորաքամակ էր, բայց դեռ ուժ մը ունէր մեզի լաւ ճաշ մը եփելու։

Ու սիսռով ճաշերը շատ էին այդ օրերուն, բայց, Պոլսոյ սիսեռները շատ աւելի մեծկակ ու շատ աւելի համով են։ 

Այս բոլորը կան եւ կայ օտարանքն ու ահը, որ կը հոսի ամէն անգամ, երբ օդանաւը թափ կը հաւաքէ եւ դուրս կու գայ «Սապիհա Կէօքչէն» օդակայանի վազադաշտէն, յետոյ կը բարձրանայ, կը պտտուի քանի մը անգամ, լոյսերը կը հեռանան քիչ-քիչ ու նոյն հարցումը ինքզինք կը պարտադրէ, երբ սաւառնակը արդէն իր անիւները ներս առած է ու կը պատրաստուի ճախրել…

Հոն իմ տունս է՞։

Ու այս բոլորէն անդին նոյն որոնումները Երեւանի մայթերուն վրայ, մկաններու հաճելի ցաւին հետ, VDL ռատիոկայանի ժամը 2:15-ի գլխաւոր լուրերուն հետ, Պէյրութի հարուածներով հասունցող ցաւին հետ, արեան հետ, որ կը թափուի սա պահուն, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն մէջ ու կրակմարի բացակայութեան ու թաց կարօտի զգացումին հետ, 

Ի վերջոյ ո՞ւր է տունս։

Բանաստեղծութիւն մը չէ, որ լրանայ ու լռէ այս հարցումը, որ յաճախ կը խեղդէ մեր հոգին, որ յաճախ կը սպառնայ մեզի, մեր սուրճին մէջ կաթիլ կաթիլ կը մտնէ ու ետ ետ դուրս կու գայ ու անվերջ կերպով կը հալածէ մեր ինքնութիւնը։

Ո՞ւր է տունս… 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2026