ԱՖԱՏ-Ի ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ՝ ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
Երէկ, Իսթանպուլի ԱՖԱՏ-ի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան քաղաքիս հայկական փոքրամասնական վարժարաններու շէնքերու ամրութեան խնդիրները։ Այսպէս, Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլի գլխաւորութեամբ քննարկուեցան շարք մը կենսական հարցեր, որոնց կապակցութեամբ մտահոգութիւնները երկար ժամանակէ ի վեր համայնքային շրջանակներու օրակարգին վրայ են։ Արդարեւ, պոլսահայ վարժարաններու կարեւոր մէկ մասի պարագային շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան պարագան լրջօրէն կասկածի տակ է եւ այս բանը բառին բուն իմաստով մարտահրաւէրի մը վերածուած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Վարժարաններու շէնքերու ամրակայումը կը պահանջէ աստղաբաշխային ներդրումներ, որոնց միջոցները տուեալ պահուն համայնքէն կը պակսին։
Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին Իսթանպուլի կուսակալ Տաւուտ Կիւլ նշեց, որ կուսակալութիւնը ամէն ինչով պատրաստակամ է՝ համայնքի խնդիրներու լուծման նպաստելու։ Կուսակալ Տաւուտ Կիւլի կողմէ գլխաւորուած խորհրդակցական հանդիպման մասնակցեցան Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու եւ պատկան այլ մարմիններու ղեկավարներ։ Ժողովի տեւողութեան հայկական փոքրամասնական վարժարաններու գործունէութեան կապակցութեամբ ընդհանուր արժեւորում մը կատարուեցաւ եւ անոնց կարիքներն ալ ցուցակագրուեցան։ Բացատրութիւններ տրուեցան վարժարաններու շէնքերու կառուցուածքային կացութեան շուրջ։ Մասնաւորապէս պատմական շէնքի բնոյթով կրթօճախներու խնդիրը առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ եւ նշուեցաւ, որ ծրագրաւորման եւ թեքնիք առումով զօրակցութիւն պիտի ցուցաբերուի անոնց ամրակայման։
Ժողովին մասնակցեցան՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, համայնքային վարժարաններու մատակարար մարմիններու ատենապետները, վարժարաններու տնօրէններ եւ այլ պատասխանատուներ։