«ՆԱԻՐԻ»Ն ԿԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ

Երէկ, Երեւանի մէջ, յետվերանորոգութեան վերաբացուեցաւ «Նաիրի» շարժանկարի դահլիճը։ Մայրաքաղաքի սրտին վրայ մշակութային կեանքը աշխուժացնելու հետամուտ հերթական կարեւոր նախաձեռնութիւնն է այս մէկը՝ մանաւանդ, որ «Նաիրի» շարժանկարի դահլիճը այնքան սիրելի վայր մըն է բոլորին տեսակէտէ ու միշտ ուշադրութիւնը կը գրաւէ նաեւ զբօսաշրջիկներուն եւ այցելու հիւրերուն։ Երեւանի կեդրոնին պիտի սկսի վերստին գործել «Նաիրի»ն, որու վերաբացման առթիւ երէկ կազմակերպուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, շարժանկարի դահլիճի տնօրէնուհի Լիաննա Թամրազեան մանրամասնութիւններ ներկայացուց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու ուշադրութեան։ Ասուլիսին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի փոխ-նախարար Դանիէլ Դանիէլեան։

Լիաննա Թամրազեան շեշտեց, որ «Նաիրի»ն ունի վերազինուած դահլիճ մը, որ օժտուած է ժամանակակից թեքնոբանական հնարաւորութիւններով։ Այս շարժանկարի դահլիճը ունի իր անցեալը, շէնքը կը բնորոշուի պատմական ինքնութեամբ եւ կը պայմանաւորէ յիշողութիւն մը։ Այս բոլորի պահպանումով կատարուած է վերանորոգութիւնը, որու շնորհիւ «Նաիրի»ն պատմական դիմագիծէն առանց զրկուելու իր առջեւ կ՚ունենայ նոր հորիզոններ։ Լիաննա Թամրազեան նշեց, որ կարելի եղած է շէնքը ֆիզիքապէս վերակենդանացնել եւ ապահովուած է, որ ան ապրի եւ ընթանայ ժամանակի համընթաց։

Վերանորոգութեան շնորհիւ շարժանկարի՝ շուրջ երկու հարիւր հոգի տարողութեամբ դահլիճը օժտուած է յարմարաւէտ աթոռներով։ Աքուստիք համակարգը իսկապէս յաւակնոտ է, սրահին համար ապահովուած է արծաթապատ մեծ էքրան մը եւ զետեղուած է արդի լազերային փրոժեքթէօր մը։ «Նաիրի»ն ժապաւէններու ցուցադրութեան առընթեր, մշակութային այլ ծրագիրներու համար ալ իր դռները բանալու կարելիութիւն ունի։

Այն համալիրը, որու մէջ կը գործէ «Նաիրի»ն, շատ աւելի ընդարձակ է՝ քան այժմու շարժանկարի դահլիճի հատուածը։ Ուստի, ժամանակի ընթացքին կը նախատեսուի համալիրի մնացեալ բաժիններն ալ վերանորոգել եւ ընդգրկել շարժանկարի տրամադրուած բաժիններուն մէջ։ Այսպէսով կը նախատեսուի՝ մանաւանդ շարժանկարի դահլիճներու թիւը բարձրացնել երկուքի։

Տնօրէնուհիի կողմէ փոխանցուած բացատրութիւններուն զուգահեռ՝ փոխ-նախարար Դանիէլ Դանիէլեան երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին բոլորը ջերմօրէն շնորհաւորեց «Նաիրի» շարժանկարի դահլիճի յետվերանորոգութեան վերաբացման առթիւ։

Ուրբաթ, Ապրիլ 3, 2026