ՇԱՐԺԱՆԿԱՐ ԵՒ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 12-19 յուլիս թուականներուն: Արդէն 23-րդ անգամ կը կազմակերպուի այս փառատօնը, որու աւանդոյթները վաղուց ձեւաւորուած են եւ շարժանկարի երկրպագուներու օրացոյցին վրայ ան ունի իր ամուր տեղը: 

Կը հաղորդուի, որ այս տարի «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնի պատուոյ հիւրը պիտի ըլլայ ֆրանսահայ հռչակաւոր դերասան եւ բեմադրիչ Սիմոն Աբգարեան: Թատրոնի եւ շարժանկարի գրեթէ կէսդարեայ ստեղծագործական գործունէութեամբ Սիմոն Աբգարեան այսօր համաշխարհային համբաւի եւ գնահատանքի տիրացած արուեստագէտ մըն է: Ան 1980-ական թուականներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ մուտք գործած է գեղարուեստական աշխարհէ ներս: 1990-ականներէն ի վեր ան մեծ յաջողութեամբ կը փայլի շարժանկարի եւ հեռուստատեսութեան պաստառներուն վրայ՝ թէ՛ Ֆրանսայի եւ թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Սիմոն Աբգարեան ցարդ համագործակցած է շատ հռչակաւոր բեմադրիչներու հետ. օրինակ՝ Սետրիք Քլափիշ, Ատոմ Էկոյեան, Ռոպէր Կէտիկեան, Սելի Փոթըր, Ֆաթիհ Աքըն եւ այլն: Ան ցայսօր մարմնաւորած է՝ Արշիլ Կորքին, Միսաք Մանուշեանը եւ այլ հերոսներ: Բոլորովին վերջերս Սիմոն Աբգարեան հանդէս եկած է ազատ Ֆրանսայի հիմնադիր զօրավար Շարլ տը Կոլի դերին մէջ: Սա Անթուան Պոտրիի կողմէ բեմադրուած համանուն ժապաւէնի գլխաւոր դերն է, որու առաջին ցուցադրութիւնը վերջերս տեղի ունեցաւ Քաննի մէջ: 

Սիմոն Աբգարեան բազմիցս արժանացած է ֆրանսական թատերական հասարակութեան բարձրագոյն գնահատանքին՝ «Մոլիէր» մրցանակին, 2001 թուականին ճանչցուած է «Լաւագոյն դերասան», իսկ 2020 թուականին՝ «Լաւագոյն բեմադրիչ» եւ «Լաւագոյն ֆրանսալեզու գրող»:

«Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնի այս տարուան պաստառն ալ ներկայացուած է վերջերս: 2026-ի պաստառը ձօնուած է բանաստեղծութեան՝ որպէս աշխարհը զգալու, ընկալելու եւ վերաիմաստաւորելու իւրայատուկ ձեւ: Փառատօնի կազմակերպիչները բանաստեղծութեան վրայ շեշտը դրած են՝ այն մօտեցումով, թէ բանաստեղծութիւնը մարդկային փորձառութեան, զգացումներու եւ մտքի արտայայտման լեզու մըն է, որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ տեսնել աշխարհը նոր տեսանկիւնէ: Այս տարուան պաստառով շարժանկարի փառատօնը հանդիսատեսը կը հրաւիրէ ո՛չ միայն դիտելու արուեստը, այլեւ ապրիլ անոր մէջ, ըլլալ զգայուն, հետաքրքրասէր եւ բաց աշխարհին նկատմամբ, միեւնոյն ժամանակ, դառնալ շարժանկարի բանաստեղծային տարածութեան մէկ մասը: 

«Ոսկէ ծիրան»ի այս տարուան պատգամը յորդոր է շարժանկարէն ակնկալել ո՛չ թէ բացատրութիւններ, այլ բացայայտումներ: Ինչպէս բանաստեղծութիւնը, այնպէս ալ շարժանկարը յաճախ կը խօսի ո՛չ թէ յստակ պատասխաններու, այլ զգացումներու, պատկերներու եւ ներքին բացայայտումներու լեզուով: Փառատօնի գլխաւոր պաստառի հեղինակն է յայտնի նկարիչ եւ տիզայնըր Իկոր Քուրովիչ, որու աշխատանքները բազմիցս արժանացած են միջազգային ուշադրութեան եւ ճանաչման: Իր ստեղծած պաստառը կ՚արտացոլէ այս տարուան գաղափարական առանցքը՝ շարժանկարը եւ բանաստեղծութիւնը որպէս ազատութեան եւ մարդկային զգայնութեան տարածքներ: 

Այս տարի եւս «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը պիտի ներկայացնէ մրցութային եւ արտամրցութային ծրագրեր աշխարհի տարբեր երկիրներէն, ինչպէս նաեւ ժապաւէններ հեղինակաւոր միջազգային շարժանկարի փառատօններէ՝ ներառեալ Քաննը, Պերլինը եւ այլ առաջատար շարժանկարի հարթակները: 

Փառատօնի օրերուն Հայաստան պիտի այցելեն շարժանկարի համաշխարհային ճանաչման տիրացած հեղինակներ, բեմադրիչներ, դերասաններ եւ ոլորտի մասնագէտներ, որոնք իրենց փորձառութիւնն ու արուեստը պիտի ներկայացնեն հայ հանդիսատեսին՝ ստեղծելով երկխօսութեան, նոր գաղափարներու եւ մշակութային փոխանակման բացառիկ հարթակ մը: 

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2026