ՔՊ-Ի ՆՈՐ ԺԱՄԿԷՏԸ
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան 9-րդ գումարման Ազգային ժողովը պաշտօնապէս ձեռնարկեց աշխատանքի։ Անցեալ յունիսի սկիզբին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութեան արդիւնքին հիման վրայ ձեւաւորուած Ազգային ժողովի նոր կազմը արդէն պաշտօնի գլուխ է։
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս, 9-րդ գումարման սկիզբին առթիւ երէկ բացառիկ մթնոլորտ ստեղծուած էր։ Խորհրդարանի նոր կազմին առջեւ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան։ Նորընտիր երեսփոխանները յարգանքի լռութիւն պահեցին նահատակ զինուորներու համար եւ կատարեցին իրենց երդումը։ Խորհրդարանէն ներս մեծամասնութիւն ապահոված է՝ Քաղաքացիական պայմանագիր (ՔՊ) կուսակցութիւնը, որ կը գլխաւորուի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Բացի մեծամասնութեան տէր «ՔՊ»էն, խորհրդարանէն ներս ներկայացուած են «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» խմբակցութիւնները, որոնք ընդդիմութեան շարքերը կը կազմեն։ ՔՊ-ի կողմէ Ազգային ժողովի նախագահի պաշտօնին համար թեկնածու առաջադրուած Ռուբէն Ռուբինեան, երէկ արդէն ընտրուեցաւ այդ պաշտօնին համար։ Ուրիշ որեւէ թեկնածու չէր առաջադրուած եւ Ռուբէն Ռուբինեան արդէն դարձաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նոր նախագահը՝ յաջորդելով Ալէն Սիմոնեանին, որ անցեալ ժամանակաշրջանին ղեկավարած էր խորհրդարանը։ Բաց աստի, խորհրդարանական խմբակցութիւններու ղեկավարներն ալ արդէն ճշդուեցան առաջին քայլափոխին։ Այսպէս, ՔՊ-ի խմբակցութեան գլուխը կը գտնուին՝ Վոլոտիա Յակոբեան եւ Արուսեակ Մանաւազեան։ «Ուժեղ Հայաստան» ընդդիմադիր խմբակցութիւնը կը գլխաւորեն՝ Նարեկ Կարապետեան եւ Տիգրան Աբրահամեան։ Նոյնպէս ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարներն են՝ Աննա Գրիգորեան եւ Արթուր Խաչատրեան։ Նոր խորհրդարանի պաշտօնի ձեռնարկելուն զուգահեռ՝ ըստ երկրի Սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն՝ Հայաստանի կառավարութիւնը երէկ ներկայացուց հրաժարական։ Խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր ՔՊ-ն դարձեալ վարչապետի թեկնածու առաջարկեց Նիկոլ Փաշինեանը: Այսպէսով Նիկոլ Փաշինեան վերանշանակուեցաւ վարչապետ՝ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի կողմէ։ Այս առթիւ, Վահագն Խաչատուրեան երէկ Նախագահական ապարանքին մէջ հիւրընկալեց Նիկոլ Փաշինեանը։ Զրոյցի ընթացքին նախագահ Խաչատուրեան շեշտեց, որ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւնը պէտք է արդարացնէ իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութիւնը։
Խորհրդարանի նորընտիր նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանն ալ երէկ հանդէս եկաւ կարեւոր յայտարարութիւններով։ Ան ընդդիմութեան առաջարկեց նոր խորհրդարանէն ներս յարաբերութիւններուն սկսի զերոյական կէտէն։ Ռուբէն Ռուբինեանի խօսքով՝ ընտրութիւններուն ՔՊ-ի ստացած լիազօրութիւնը բաւարար է Ատրպէճանի հետ խաղաղութիւնը անշրջելի դարձնելու համար։ Ան ընդգծեց, որ Հայաստան կը սպասէ Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման վերաբերեալ պայմանաւորուածութեան իրագործման։ Ռուբէն Ռուբինեանի խօսքով՝ այս պահու դրութեամբ Հայաստան-Ատրպէճան գործընթացը աւելի առաջ է՝ Թուրքիա-Հայաստան գործընթացի բաղդատմամբ։ «Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքը լիակատար եւ անքննարկելի կարմիր գիծ մըն է», աւելցուց Ռուբէն Ռուբինեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան 9-րդ գումարման Ազգային ժողովը այսօր կը շարունակէ իր աշխատանքը։ Հերթը հասած է խորհրդարանի փոխ-նախագահներու ընտրութեան։ Ըստ Սահմանադրութեան՝ Հայաստանի խորհրդարանը ունի երեք փոխ-նախագահ եւ անոնցմէ մին պէտք է ըլլայ ընդդիմութեան շարքերէն։ Ամենայն հաւանականութեամբ, ընդդիմութեան համար վերապահուած խորհրդարանի փոխ-նախագահի տեղը պիտի զբաղեցնէ «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութենէն Արամ Վարդեւանեան։
Միւս կողմէ, Հայաստանի կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար նշանակուեցաւ Լիլիթ Մակունց, որ այս պաշտօնին մէջ կը յաջորդէ Արայիկ Յարութիւնեանին։ Այս նոր շրջանին Արայիկ Յարութիւնեան ընտրուած է երեսփոխան։ Լիլիթ Մակունց անցեալի մէջ եղած էր ՔՊ-ի խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար, իսկ մինչեւ մօտաւոր անցեալը՝ քանի մը տարի եղած էր Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպանը։
