ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Չինաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 70-ամեակը այս օրերուն կը նշուի ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Փեքին-Գահիրէ առանցքին յոբելենական այս հանգրուանը կ՚արժեւորուի՝ նախագահներու հանդիպմամբ։ Կողմերը կը քննարկեն համագործակցութեան ապագայ ամրապնդման ուղղեալ ջանքերը։
Չինաստանի նախագահ Շի Ծինփինկ վերջին օրերուն Գահիրէի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ՝ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ-Սիսիի կողմէ։ Շի Ծինփինկ կեցութեան օրերուն այցելեց նաեւ Մեծ եգիպտական թանգարանը, որ կը գտնուի Կիզայի բուրգերուն մօտ։
Վերջին անգամ Չինաստանէն Եգիպտոս նախագահական մակարդակի վրայ այցելութիւն մը տրուած էր շուրջ տասն տարի առաջ։ Շի Ծինփինկ ներկայիս յոբելենական հանգրուանի մէջ կ՚իրականացնէ այս այցելութիւնը։ Մինչ այդ, Ապտիւլֆեթթահ էլ-Սիսի վերջին տարիներուն քանի մը անգամ մեկնած էր Փեքին։
Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախագահներու այս անգամուան ժամադրութիւնը ունի խոր համայնապատկեր մը։ Արդարեւ, Չինաստան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւոր համաշխարհային մրցակիցն է, կը զարգացնէ իր յարաբերութիւնները Մերձաւոր Արեւելքէ ներս ԱՄՆ-ի հիմնական դաշնակիցներուն հետ։ Փեքին այսպէսով կը ձգտի յարափոփոխ աշխարհի մէջ ընդլայնել իր ազդեցութիւնը այս տարածաշրջանէն ներս, ուր Ուաշինկթըն ունի գերակշիռ դիրք։
Հարկ է նշել, որ Չինաստան ցարդ Եգիպտոսի մէջ աւելի քան 10 միլիառ ամերիկեան տոլար արժողութեամբ ներդրում կատարած է։ ԱՄՆ-ի եւ Եգիպտոսի միջեւ ալ ընդհանուր առեւտուրի ծաւալը անցեալ տարի կազմած է 15,7 միլիառ տոլար։ Ի լրումն այս բոլորին, Եգիպտոս տարածաշրջանէն ներս ԱՄՆ-ի տեսակէտէ կարեւոր գործընկեր մը կը համարուի՝ մանաւանդ ազգային անվտանգութեան առաջնահերթութիւններու տեսակէտէ։ Այս բոլորին առումով, Փեքին-Գահիրէ առանցքի իրադարձութիւններուն արտասովոր ուշադրութեամբ կը հետեւի նաեւ Ուաշինկթըն։