Շաբաթ 3, Հոկտեմբեր 2026
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆԸ ՀԱՏԱԾ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶԻՆՈՒՈՐԸ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՒ
Ատրպէյճանի բանակի զինուորներէն Նասիմի Ռահիմօղլու Մուսայեւ կալանաւորուեցաւ երկու ամիս ժամկէտով։ Ան նախընթաց օր ապօրինի կերպով հատած էր Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանը եւ Սիւնիքի մարզէն ներս սահմանամերձ գիւղի մը մէջ վիրաւորած էր կին մը եւ իր երկու զաւակները։ Շաքի գիւղէն ներս պատահած այս դէպքին կապակցութեամբ շարժման անցան Հայաստանի համապատասխան մարմինները։ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուցած էր, որ քրէական վարոյթի ձեռնարկուած է դէպքին կապակցութեամբ։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէի բանբեր Կիմա Աւդալեան տեղեկացուց, որ ենթական երկու ամիսով կալանաւորուած է։
Պատկան իշխանութիւնները կը յիշեցնեն, որ ձերբակալեալ ազէրի զինուորականը դէպքի ընթացքին եղած է առանձին։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 3, 2026