ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ նախարարները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան Մերձաւոր Արեւելքի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Անոնք իրավիճակի հանգուցալուծման հասնելու հնարաւորութիւններուն կապակցութեամբ խորհրդակցեցան։

Բաց աստի, Միրզոյեան եւ Արաղչի շօշափեցին մարդասիրական հարցեր, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարեցին բազմակողմանի հարթակներու վրայ առկայ հարցերու։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2026