ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԸ ԵՒ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Ծաղկազարդը։ Տէր Յիսուսի Ս. Երուսաղէմ յաղթական մուտքի յիշատակութեան տօնը հոգեւոր մեծ հրճուանքի առիթ դարձաւ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արարողութիւններուն նախագահեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Մայր Տաճարի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, Վեհափառ Հայրապետի հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Մանուկներու օրհնութեան կարգ։ Այս առթիւ վեհարանի հանդիսութիւններու մեծ դահլիճին մէջ համախմբուեցան Հայորդեաց տուներու պատանիներն ու մանուկները։ Նորին Սրբութիւնը հայրական ջերմ վերաբերմունքի առարկայ դարձուց բոլորը՝ անոնց փոխանցելով հայրապետական անկեղծ սէրն ու օրհնութիւնները։

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2026