ԹՐԱՄՓ-ՓՈՒԹԻՆ ԶՐՈՅՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը: Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ երկու նախագահները առաջնահերթօրէն անդրադարձան Ուքրայնայի եւ Իրանի պատերազմներուն:
Թրամփ, որ այս օրերուն կը հիւրընկալէ Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորը, երէկ, զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին հետեւեալ բացատրութիւնները տուաւ Փութինի հետ տեղի ունեցած զրոյցին շուրջ.
«Մենք երկար զրոյց մը ունեցանք: Կը կարծեմ՝ որ մօտաւոր ապագային լուծում մը պիտի գտնենք: Յոյս ունիմ այս ուղղութեամբ: Ըստ իս՝ ան ալ կ՚ուզէ լուծում մը գտնել եւ սա լաւ բան մըն է»:
Բաց աստի, Թրամփ նշեց, որ ռազմական տեսակէտէ Ուքրայնա պարտուած վիճակի մէջ է: «Այս բանը չէք կրնար գիտնալ՝ ընթերցելով սուտ լուրերու մետիան», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Փութին օժանդակութիւն առաջարկած է՝ ուրանիում հարստացնելու հարցին շուրջ: Ասոր փոխարէն, Թրամփ Փութինին առաջարկած է առաջին հերթին զբաղիլ՝ Ուքրայնայի պատերազմին վերջ տալու հարցով:
Հեռախօսազրոյցի ընթացքին Թրամփ Փութինին առաջարկած է, որպէսզի Ուքրայնայի պատերազմին կարճաժամկէտ հրադադար մը հաստատուի: «Ըստ իս, կրնայ այս բանը ընդունիլ: Այս նիւթին վերաբերեալ յայտարարութիւն մը կրնայ ընել», ըսաւ Թրամփ եւ աւելցուց, որ Ռուսաստան-Ուքրայնա եւ ԱՄՆ-Իրան պատերազմներու վերջ գտնելու ժամկէտին մասին բան մը չի գիտեր, սակայն, գուցէ անոնք նոյնաժամանակ կրնան աւարտիլ: