ԱՂՈՒԵՐԱՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Երէկ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տեղի ունեցան՝ սահմանազատման ուղիով բանակցութիւններ, որոնք արդէն 13-րդն էին իրենց նմաններու շարքին: Երկու երկիրներու համապատասխան յանձնաժողովներուն բանակցութիւնները տեղի ունեցան Աղուերանի մէջ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Հայաստանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած երէկուան բանակցութիւններէն վերջ, մօտաւոր ապագային յանձնաժողովներու յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ այս անգամ Ատրպէյճանի հիւրընկալմամբ:
Երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին պատուիրակութիւնները գլխաւորեցին՝ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւ: Գոհունակութեամբ նշուեցաւ, որ յանձնաժողովներու 13-րդ հանդիպումը կրկին կը կայանայ կողմերէն մէկուն տարածքին մէջ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ՝ Աղուերան: Հանդիպման ընթացքին կողմերը մանրամասնօրէն կարծիքներ փոխանակեցին սահմանազատման միջոցառումներու վերաբերեալ կազմակերպչական եւ թեքնիք հարցերու շուրջ: Կողմերը համաձայնեցուցին եւ փոխանակեցին սահմանազատման աշխատանքներու իրականացման կարգի վերաբերեալ հետեւեալ ուղեցոյցներուն նախագիծերու բնագրերը.
Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի սահմանազատման ընթացքին սահմանազատման փորձագիտական խումբերու աշխատանքի կարգի մասին ուղեցոյց, Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի սահմանազատման քարտէսի ստեղծման կարգի մասին ուղեցոյց, Հայաստան-Ատրպէյճան պետական սահմանի սահմանազատման փաստաթուղթերու ձեւակերպման եւ հրատարակման մասին ուղեցոյց:
Կողմերը համաձայնութեան հասան դիմելու համար իրենց կառավարութիւններուն՝ ուղեցոյցներու համապատասխան հաստատման համար:
Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆայեւ առանձին կարծիքներ փոխանակեցին՝ փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ հարցերու շուրջ: Նշուեցաւ, որ դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն բեռներու տարանցումը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքով յաջողութեամբ կ՚իրականացուի եւ ներկայիս կը շարունակուի:
Գոհունակութեամբ նշուեցաւ, որ Ատրպէյճան կ՚իրականացնէ նաւթամթերքի մատակարարում դէպի Հայաստան, ինչ որ կը վկայէ երկու երկիրներու միջեւ առեւտրատնտեսական կապերու ձեւակերպման մասին:
Աղուերանի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ կողմերու գործարար շրջանակներու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ քննարկում մը՝ առեւտրատնտեսական գործակցութեան զարգացման, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու փոխադարձ մատակարարումներու, ինչպէս նաեւ տարանցիկ փոխադրումներու վերաբերեալ հարցերու շուրջ:
Յատուկ ընդգծուեցաւ, որ ձեռք բերուած արդիւնքները հնարաւոր դարձած են Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի քաղաքական կամքի շնորհիւ:
Հանդիպման արդիւնքներով ստորագրուեցաւ համապատասխան արձանագրութիւն մը: Կողմերը պայմանաւորուեցան աշխատանքային կարգով համաձայնեցնել՝ Ատրպէյճանէ ներս նախատեսուած յաջորդ հանդիպման կազմակերպման ամսաթիւը:
Մինչ այդ, Շահին Մուսթաֆայեւ երէկ այցելեց իր ծննդավայր գիւղը, որ կը գտնուի Հայաստանի տարածքին մէջ։
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ յայտարարեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատումը նոր հորիզոններ բացած է Հարաւային Կովկասի մէջ: