Չորեքշաբթի 1, Յուլիս 2026
ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐՆԵՐ
Թիֆլիզի եւ Աստանայի միջեւ ստորագրուեցաւ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր մը։ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ եւ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւ երէկ ստորագրեցին համապատասխան համատեղ հռչակագիրը, որով երկկողմանի յարաբերութիւնները կը բարձրանան ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակին։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ երկու երկիրներու կառավարութիւններու ներկայացուցիչները վարեցին ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ, որոնց աւարտին ստորագրուեցան նաեւ յուշագրեր՝ մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ տեղեկատուական թեքնոբանութիւններու ոլորտներէն ներս Վրաստան-Ղազախիստան համագործակցութիւնը խթանելու հետամուտ։
Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026