ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Եւրոյանձնաժողովի կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը այսօր կը ժամանէ Թուրքիա։ ՆԱԹՕ-ի յաջորդ շաբթուան գագաթաժողովին ընդառաջ, Անգարայի ղեկավարութիւնը կը հիւրընկալէ Պրիւքսէլի կողմէ բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը։ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն առանցքին վրայ կուտակուած տարակարծութիւններով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, այս այցելութիւնը հետամուտ է յարաբերութիւնները վերակենդանացնելու։ Թրքական կողմը այս այցելութիւնը կ՚ընկալէ՝ յարաբերութիւններու դրական մթնոլորտը ամրապնդելու ուղղեալ քայլ մը։

Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս, Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման գծով կոմիսար Մարթա Քոս եւ ներքին գործոց ու գաղթի գծով կոմիսար Մակնուս Պրունէր կու գան Թուրքիա՝ տեսակցելու համար արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ։ Անոնք ժամադրուած են նաեւ պետական գանձի ու ելմտական նախարար Մեհմէտ Շիմշէքի, հաղորդակցութեան ու ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլուի եւ առեւտուրի նախարար Էօմէր Պոլատի հետ։ Բանակցութիւններու ընթացքին որոնումներ պիտի կատարուին, որպէսզի կողմերու համագործակցութիւնը վերստին թափ ստանայ բազմաթիւ բնագաւառներէ ներս՝ ներառեալ պաշտպանութիւնը, տնտեսութիւնը։

Ըստ քաղաքական մեկնաբաններու՝ Թուրքիա պիտի վերահաստատէ իր դիրքորոշումը, թէ ԵՄ-ի լիիրաւ անդամակցութիւնը առաջնահերթ նպատակն է։ Բաց աստի, միւս անդամներու հետ համահաւասար վերաբերմունքի սպասումն ու Թուրքիոյ քաղաքացիներու համար մուտքի արտօնութիւններու դիւրացման ակնկալութիւնն ալ պիտի ընդգծուի հանդիպումներուն ժամանակ։

Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ վերջին շրջանին դիւանագիտական շփումները նկատելի ձեւով աւելցած են։ Բարձր մակարդակով երկխօսութեան դրութիւնները սկսած են վերստին բանիլ։ Երկար ընդհատումէ մը վերջ, Թուրքիա հրաւիրուած է Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու անպաշտօն ժողովին։ Բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւններու յաճախակիացման զուգահեռ՝ Եւրոպայի ներդրումներու դրամատունն ալ աստիճանաբար վերսկսած է Թուրքիոյ մէջ իր գործունէութիւնը։

Անգարա կողմնակից է, որ սոյն ընթացքը շօշափելի քայլերով ամրապնդուի։ Այս ամբողջին մէջ թրքական կողմի հիմնական ակնկալութիւններու շարքին է՝ Մաքսային միութեան այժմէականացման օրակարգով բանակցութիւններուն սկսիլը։ Թուրքիա արագութիւն կ՚ակնկալէ նաեւ՝ Եւրոպայի միասնական վճարման համակարգին ներգրաւուելուն համար։ Ի լրումն այս բոլորին, Թուրքիա-ԵՄ Գործընկերութեան խորհուրդի վերաբանեցումն ալ առկայ սպասումներու շարքին է։

Այսօրուան այցելութենէն վերջ, Անգարայի մէջ յառաջիկայ շաբաթ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին պիտի մասնակցին նաեւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստա եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն։ Ուստի, գագաթաժողովի օրերուն հնարաւորութիւն պիտի ներկայանայ կողմերու միջեւ բարձր մակարդակի նոր շփումներու համար։

Եւրոմիութիւնը վերջին շրջանին որդեգրած է «Կլոպալ դարպասներ» կոչուած նոր ռազմավարութիւնը, որու հիմնական նպատակն է Ռուսաստանի շրջանցմամբ հասանելի այլընտրանքային ուղղութիւններ ունենալ դէպի Կեդրոնական Ասիա։ Այս նոր ռազմավարութեան տրամաբանութենէն ալ կը բխի Թուրքիա-ԵՄ համագործակցութեան որակին փոխուիլը։ 

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերցի հետ։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026