ՆԱԹՕ-Ի ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԸ ԳՈՒՄԱՐՈՒԵՑԱՒ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ. ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ՏԱՆՏԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ՝ ՏՈԼՄԱՊԱՀՉԷԻ ՊԱԼԱՏԻ ԵՐԴԻՔԻՆ ՏԱԿ
Անգարայի մէջ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին ընդառաջ, երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ դաշինքի խորհրդարանական վեհաժողովին հաւաքը։ Ուխտի անդամ երկիրներու խորհրդարաններու ղեկավարները համախմբուեցան Տոլմապահչէի պալատին մէջ, ուր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան անոնց ի պատիւ սարքեց կէսօրուան ճաշ մը։
Նախագահ Էրտողան այս առթիւ յիշեցուց, որ Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի առաջին հինգ դաշնակիցներու շարքին կը գտնուի։ Ան դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ կողմէ Եւրոպայի անվտանգութեան համար ապահովուած օգուտները կարգ մը պարագաներով կ՚անտեսուին։ «Պաշտպանութեան ոլորտէ ներս Թուրքիոյ տարողութեան՝ նեղ քաղաքական շահերով արտաքսումը որեւէ օգուտ չի բերեր», ըսաւ նախագահը։ Բաց աստի, ան շեշտեց, որ Եւրոատլանտեան անվտանգութիւնը պատմական անկիւնաքար մը կը դիմագրաւէ եւ Թուրքիա մաս կազմէ այն երկիրներու շարքին, որոնք այս նոր ժամանակաշրջանի ոգիին լաւագոյնս կը ներթափանցեն։
Էրտողան ընդգծեց նաեւ, որ առանց Իսրայէլի բռնագրաւման վերջ գտնելուն՝ տարածաշրջանէն ներս մշտական խաղաղութիւն չի կրնար հաստատուիլ։