ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՆՈՒԷՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

31 մարտին՝ իր մահուան թուականէն 109 տարի ետք ալ, արեւելահայ բանաստեղծ, երգիծագիր եւ թարգմանիչ, շեշտուածօրէն՝ բանաստեղծ, Ալեքսանդր Ծատուրեանի (Զաքաթալա քաղաք, Թիֆլիզի հիւսիսը, ներկայիս՝ Ատրպէյճանի հանրապետութեան հողատարածք, 28 ապրիլ 1865 - Թիֆլիզ, 31 մարտ 1917) բանաստեղծութիւնները մինչեւ այսօր անթեղուած կրակներու պէս իրենց չհանգող բոցը կը տարածեն յատկապէս խոնարհ եւ ընչազուրկ, արդարատենչ, որբացած ու թշուառ խաւի մարդոց սիրտերուն մէջ: Բանաստեղծ մը, որ իրաւամբ արժանի է ժողովրդանուէր, ժողովրդական բանաստեղծի կոչումին՝ արեւելահայ գրականութեան մէջ: 

Քիչ գրուած ու քիչ ճանչցուած, գրադատական խօսքերու բարիքի լուսարձակին քիչ բերուած, չըսելու համար յաճախ անտեսումի արգահատութեան նետուած եւ քիչ ներկայացուած բանաստեղծ մը Ալեքսանդր Ծատուրեան՝ բաղդատմամբ իրեն սերնդակից ու հանրաճանաչ, այլեւ առատ ներբողականներու փառքը վայելած գրողներու՝ ինչպիսիք են բանաստեղծներ ու գրողներ Յովհաննէս Յովհաննիսեանը, Աւետիս Ահարոնեանը, Յովհաննէս Թումանեանը, Յակոբ Յակոբեանը եւ ուրիշներ: Ճիշդ է, որ համեստ է Ծատուրեանի քերթողական վաստակը քանակով ե՛ւ որակով, բայց անոր գործերուն մէջ մարդկային ե՛ւ համամարդկային հոգեդէտ թրթիռները, դալկահար թախիծը, ընկերային անարդարութիւնները խարազանող հատու ծաղրը, խոնարհ դասի տուայտանքները, խոր ու վճիտ յուզումները, աղքատին օգնութեան կարկառները վեր առնող քերթուածները, ինչպէս՝ «Երկրի մշակներուն», «Մօր ցաւը», «Բանուոր», «Ո՞ւր ես, հայ բլբուլ», եւ այլն, իր սեւեռակէտն է դարձուցած, իր ուշադրութեան կեդրոնը՝ տառապահիւծ հայ զինուորն ու ժամանակի  ցարական կառավարութեան հետապնդումներէ ուժասպառ հայ ազգը. թեմաներ՝ որոնք մինչեւ այսօր կը դիմանան ժամանակի ջնջոցին դէմ, այսինքն՝ չեն  կորսնցուցած իրենց հրատապութիւնն ու գեղարուեստական փայլքը:

Ծատուրեանի քերթողական երախայրիքը՝ լոյս տեսած 1891-ին, եօթ տարի ետք ալ երկրորդ հատորը բանաստեղծութիւններու, զինք կը դարձնեն ուշագրաւ դէմքերէն մին արեւելահայ գրողներու փաղանգին մէջ: Իսկ 1901-ին լոյս ընծայած «Գրչի հանաքներ» խորագրեալ երգիծական ոտանաւորներու ժողովածուն՝ Վարդգէս Սուրէնեանցի (1860-1921) նկարչական ձեւաւորումով, համբաւ կը բերէ իրեն եւ կ՚ամրապնդէ իր տեղը ժամանակակից գրողներու շարքին, ի՜նչ փոյթ, որ 41 ոտանաւորներ համախմբող յիշեալ ժողովածուն կ՚արժանանար յատենի հոգեւորական դասի եւ դրամապաշտներու ջոլիրի, կեղծ բարերարներու, սուտասան բարեպաշտներու սուր քննադատութեանց, պուրժուա դասակարգի անողոք յարձակումներուն.- «Մեղա՜յ Քեզ, Աստուած», «Կաշառուած մամուլ», «Հայ քահանայ», «Մեծութեան աթոռ», «Հայ եւրոպացի», «Ժամ շինող», «Հայ հեղինակի Աաղօթքը», «Խեղճ գողը» եւ այլ երգիծական-պարսաւական բանաստեղծութիւններու մէջ կը պատկերուի մերօրեայ դառն եւ ծիծաղելի իրականութիւնը: Կու տամ «Դէպի Մամոնան» երկու տուննոց բանաստեղծութիւնը այդ ժողովածուէն.-

Մի օր հարց տուի ես Մամոնային.
«Ասա՛, ի՞նչ անեմ որ քո սեղանին 
Ես էլ հիւր լինեմ եւ հիւր ցանկայի - 
Ի՞նչ ճանապարհ ես դու ինձ ցոյց տալի»:

-Իմ ծոցըս գալու կան շա՛տ ուղիներ,-
Ասաց Մամոնան,- ծուռ, ձախ, վար ու վեր…
Եւ ո՛րն էլ ընտրես, իմ սիրած հիւրն ես,
Լոկ շիտակ ուղուց դու դարձրու երես…

Իսկ անջիղ ու անարիւն աղաներուն գովքը հիւսող մամուլին մասին՝ «Կաշառուած մամուլ» իր կարճ ոտանաւորով գրած է.-

             Երբ հայոց թերթում
             Ներբող են կարդում
Տըզրուկ աղայի անուան ու փողին,
             Իսկոյն իմ մըտքում
             Մի հարց է ծագում -
«Թերթը ո՞րքան է ստանում տողին…»:

Ալեքսանդրը հազիւ երեք տարեկան՝ կը մահանայ հայրը, որ իբրեւ ժառանգութիւն, բարձի տակ կը թողու «օխտը կոպեկ սեւ փող»: Ընտանիքի ծանր հոգը կ՚իյնայ մօր վրայ, որ լուացարարութեամբ հազիւ կը կարողանայ օրուան հացը ճարել: Այսպէս, Ալեքսանդրի միակ մխիթարութիւնը կ՚ըլլայ իր մայրը, որ անհուն սէր տածելով իր մինուճար զաւկին հանդէպ՝ կը փափաքի, որ ան անպայման ուսում ստանայ: Ալեքսանդր նախ կը յաճախէ ծննդավայրի ծխական դպրոցը, ապա քաղաքային Եռադասեան ուսումնարանը, որուն դասընթացքները կ՚աւարտէ 1881-ին: Չար բախտ եւ տարաբախտ կեանք: Նոյն տարին կը մահանայ մայրը: 16-ամեայ պատանի Ծատուրեանի այս ծանր վիճակին բարեբախաբար օգնելու կը հասնի ասպարէզով ուսուցիչ, գիւղագիր, մոռացութեան մութին մէջ նիրհող արեւելահայ գիւղագիր, «Հայ գիւղագիրներ» հատորիկի հեղինակ, վաղամեռիկ Արշակ Ագրապեանը (1857-1904), «Մուսինի գանգատը» պատմուածքի հեղինակը, որ միայն Վրթանէս Փափազեանի (1866-1920) ազնիւ ուշադրութեան է արժանացած՝վերջինին «Հայոց գրականութեան պատմութիւն» հատորին մէջ: Ագրապեան՝ որպէս երէց եղբայր, ամբողջական որբութեան դատապարտուած Ալեքսանդր Ծատուրեանի ձեռքէն բռնած կը տանի Թիֆլիզ: Յետագային իր յուշերուն մէջ անդրադառնալով այս տառապագին ժամանակներուն, Ծատուրեան գրած է. «Պանդուխտ-պատանի, անտէր-անտուն, կէս-քաղցած, կէս-ծարաւ, սկսում եմ քաշ տալ Թիֆլիզում՝ մի որեւէ դպրոց մտնելու ջերմ յոյսով ու փափաքով»: Քանի մը դպրոցներէ մերժուելէ ետք, վերջապէս Ագրապեանի օժանդակութեամբ եւ մեծ դժուարութեամբ Ծատուրեան կ՚ընդունուի Թիֆլիզի Միքայէլեան արհեստագիտական դպրոցը: Այստեղ ան չի մնար երկար: 1885-ին երբ արդէն 20-ամեայ երիտասարդ մը ան՝ կը դիմէ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարան. այստեղ անհոգի սինոդականները կարճ ու կտրուկ կը պատասխանեն. «Չենք կարող ընդունել»: Այս չոր պատասխանով վերջ կը գտնէ ապագայ բանաստեղծին դպրոց ընդունուելու երազը: Գրականագէտ եւ թարգմանիչ Յարութիւն Սուրխաթեան (1882-1938) իր «Հայ գրականութիւն» Ա. հատորին մէջ (1926) հետեւեալն է գրած Ալեքսանդր Ծատուրեանի մասին. «Աշակերտել է շատերին, բայց նրան ոչ ոք չէ աշակերտել»:

Սակայն, Ծատուրեան իր դպրոցական կրթութեան պակասը կը լրացնէ յամառ ու տքնաջան աշխատանքով եւ 1887-ին իրեն առիթ կ՚ընծայուի Նիժնի-Նովկորոտ քաղաքի հայ վաճառականի մը ընտանիքին մէջ մայրենի լեզուի ուսուցիչ դառնալու: Այնուհետեւ փոխադրուելով Մոսկուա՝ կը ծանօթանայ նշանաւոր «Երազ» բանաստեղծութեան հեղինակ Սմբատ Շահազիզին (1840-1908 յունուար): Այսպիսով հաստատուելով Մոսկուա՝ երկար ժամանակ ան կը վարէ գործակատարի սպառիչ պաշտօն, առանց կարենալ ամբողջովին նուիրուելու գրականութեան: 

Բանաստեղծ Ծատուրեան պայքարելով անարդարութիւններու դէմ՝ պուրժուական աշխարհը համարած է «ողբալի, դժուար, խարդախ եւ բիրտ»: Առանց վարանելու ան կը գրէ,  թէ այդ հասարակութեան մէջ չարութիւնը կը տօնէ իր «լկտի յաղթանակը», կախաղան կը բարձրացնէ անպարտը եւ հալածէ արդարամիտ տրտնջացողը: 

Արդարեւ, իբրեւ անխառն հայրենասէր բանաստեղծ մը, ան տեւաբար արձագանգեց «ազգի վշտին»: Հայաստանի անցեալի ինքնուրոյն պետականութեան շրջանը հակադրելով ցարիզմի եւ սուլթանիզմի լուծերուն տակ հեծող «ողբալի պատկեր՝ ստրուկ Հայաստանին», ան գոլ թախիծով մը պիտի գրէր.-

Արեւելքի արիւնաթոր նահատակ,
Դու հեծում ես, դու կոծում ես, 
Քեզ այրում է ազատութեան նպատակ,
Օ՛, ե՞րբ պիտի շողաս, հայի արեգակ:

Ապաքէն, գոլ թախիծը Ծատուրեանի քերթողութեան մէջ չ՚անցնիր անյուսութեան շեմը: «Դարերով թշուառ» հայրենիքի ապագային նկատմամբ իր լաւատեսութիւնը յենարան ունի ազատագրական պայքարի երգը, «Զինուորի երգը», քանզի՝ ըստ բանաստեղծին, մի՛այն արեան գնով կարելի է հայրենիքը ազատել.-

Ես սիրում եմ իմ հայրենիքն, սիրում խորին, ջերմ սիրով.
Եւ ողջ հոգով նրան յաւերժ բախտ, արեւ եմ փափաքում,
Բայց եւ օտար, խեղճ ազգերին ես չեմ նայում ատելով,
Թշնամութիւնն ինձ օտա՜ր է - նա տեղ չունի իմ կրծքում:

Ծատուրեան թարգմանիչի տաղանդը իր ցոլուն դրսեւորումը կ՚ունենայ  երկար ժամանակ Ռուսաստան ապրելով, ուր ան մօտիկէն ծանօթանալով ռուսական կեանքին ու ռուս գրականութեան, խորացած ու զբաղած է ռուս բանաստեղծներու գործերու թարգմանութեամբ: «Ռուս բանաստեղծներ» խորագրեալ իր թարգմանութիւններու երկհատոր բերքը արդիւնքն է ռուս գրականութեան դէմքերու գործերուն մէջ խորաթափանց իր աշխատանքին: Բծախնդրութեամբ ներկայացուած իր թարգմանական գործերու շարքին են Պուշկինի, Լերմոնտովի, Նեկրասովի, իսկ եւրոպական գրականութեան ընտրանիներէն՝ Հայնէի, Հիւկոյի, Պայրընի ստեղծագործութինները:

Տարակոյսէ վեր է, որ Ալեքսանդր Ծատուրեանի ստեղծագործութիւնները՝ բանաստեղծութիւն ե՛ւ թարգմանութիւն, երկար ժամանակ պիտի շարունակեն ոգեշնչել ոչ միայն հայրենի, այլեւ սփիւռքահայ ընթերցողը, որ առանց պատրանքներ սնուցանելու, պիտի կարենայ իր արժանապատիւ պայքարին տալ իմացական ապրումներու կրակն ու յոյսը ե՛ւ կամքը, իր ներշնչումները առնելով մեր պատմութենէն, մշակոյթէն, հայրենի երկրէն, մեր շարունակուող պանդուխտի ու գաղթականութեան զգայութիւններէն:

«Ծաղիկ»-«Աղթամար»

ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ

Պէյրութ

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2026