ԱԶԳԱՅԻՆ ԶՕՐԱՇԱՐԺԻ ԱՌԱՋՆԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐԸ

Պաքուի կողմէ Արցախի հայկական եկեղեցիներու քանդման գործողութիւնները մէկ մասնիկն են, ընդհանրապէս, ամբողջ տարածաշրջանի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան բնաջնջման քաղաքականութեան: Այս գործողութիւնները միանշանակ բնոյթ չունին. պատմամշակութային որոշ կոթողներ Ատրպէյճանի կողմէ հակագիտական մօտեցումներով կը ներկայացուին՝ իբրեւ աղուանական, ուրիշներու ճարտարապետութիւնը կը վերափոխուի, իսկ մեծ մասը պարզապէս կ՚ոչնչացուի: Արցախը նախիջեւանացումի ենթարկելու միեւնոյն վարքագիծն է, որ կը կիրարկէ Պաքուն՝ մարտավարական նոր քայլեր որդեգրելով:

Այս խնդիրը եւս «հայելային» ձեւով կ՚արծարծուի՝ Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ պատուիրուած ազերի հոգեւոր առաջնորդներու ճամբով: Հիմա Երեւանէն կը պահանջուի վերականգնել Հայաստանի տարածքին հարիւրաւոր մզկիթներ, որոնք իբրեւ թէ նախապէս «քանդուած են» Երեւանի տարբեր իշխանութիւններու կողմէ:

Միջազգային ընտանիքի պատմամշակութային ժառանգութիւններով զբաղուող կառոյցները լուռ են: Ո՛չ միայն փաստերը աղաղակող են այս իմաստով, այլ նոյնինքն Պաքուն ներկայացնող հոգեւոր դէմքեր կը հաստատեն այս մասին: Չենք խօսիր տակաւին այն արբանեակային լուսանկարներու մասին, որոնք, ըստ միջազգային մշակութային կազմակերպութիւններու՝ հիմք կրնան ծառայել հարցի իրաւական արծարծումին:

Միջազգայինէն անդին, լուռ է Երեւանը: Աւելի՛ն, Երեւանը ներկայացնող պաշտօնատարը կը յայտարարէ, որ Ատրպէյճան գերիշխան իր տարածքին մէջ կը դիմէ գործողութեան։ Սա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճան իրաւունք ունի եւ այդ իրաւունքը իր գերիշխան որոշումն է՝ այս պարագային բնաջնջելու հայոց հոգեւոր կեդրոնները:

Եթէ միջազգային ընտանիքը քաղաքական մօտեցում կը ցուցաբերէ եւ չի բարձրաձայներ կամ դատական հայցեր չի ներկայացներ՝ ապահովելու համար կանխարգելիչ միջամտութիւն եւ եթէ Երեւան Ատրպէյճանի ներքին խնդիրը կը նկատէ այս բոլորը, հետեւաբար, իրաւունք կու տայ Պաքուի որդեգրած քայլերուն, ապա կը մնայ մէկ դաշտ՝ սփիւռքը:

(…)

Սկզբունքով եւ տեսականօրէն Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանման առաջադրանքը պէտք է վերածուէր համահայկական օրակարգի կէտերէն մէկուն: Իշխանութիւնները դէմ են հարցի հետապնդումին՝ զայն նկատելով լրջագոյն հարուած Երեւան-Պաքու խաղաղութեան օրակարգին:

Երեւանի այս պահուածքն ու դիրքորոշումը պէտք չէ արգելակէ, սակայն, որ համընդհանուր մօտեցում չձեւաւորուի այս խիստ վտանգաւոր մարտահրաւէրին դիմաց:

(…)

Այս կէտին շուրջ դժուար, թէ դասական սփիւռքի հոգեւոր, կուսակցական եւ հասարակական դաշտը չմիաւորուի: (…) Ուրեմն, նախապատրաստական աշխատանք պէտք է՝ ամբողջ սփիւռքի ներկայացուցչական համակարգը նախ միաւորելու առաջադրանքին շուրջ, մշակութային ցեղասպանութեան թղթածրարը պատրաստելու եւ ապա դիմումներ ներկայացնելու ո՛չ միայն քաղաքակրթական ժառանգութիւններու պահպանման կազմակերպութիւններուն, այլեւ միջազգային դատական ատեաններուն:

Նման օրակարգերու շուրջ ներկայացուցչական համախմբում կարելի է ձեւաւորել: Հիմա կայ հրատապ խնդիր, նաեւ համասփիւռքեան դիրքորոշման ապահովումը կենսական է եւ անյետաձգելի: Եւ եթէ Երեւան խաղաղութեան դէմ սպառնալիք կը նկատէ նման հարցի արծարծումը, ապա նոյն տեսակէտը չունին հոգեւոր եւ հասարակական կազմակերպութիւններ Հայաստանի մէջ եւս: Խնդիրը կրնայ համասփիւռքեան-համահայկական օրակարգ դառնալ: Անհրաժեշտ են մագոգային հանդիպումներ, խմբագրումներ, արդէն իսկ փաստահաւաքներու վրայ գոյութիւն ունեցող թղթածրարներու իրաւականացման քայլեր: Այլապէս, քրէականացման ընթացակարգերու մեկնարկի բացակայութիւնը քաջալերած կ՚ըլլայ Պաքուն՝ դիմելու նոր արշաւներու եւ փորձ կատարելու այդ բնաջնջումները ապահովագրելու միջազգային՝ նոյնիսկ Վատիկանի նման հոգեւոր կեդրոններու մէջ:

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2026