ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԷ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻ 8-ՐԴ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ. ՓՈԽ-ՆԱԽԱԳԱՀ ՃԵՒՏԵԹ ԵԸԼՄԱԶ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Երեւանի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ՝ Եւրոպայի քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովի պաշտօնական բացման արարողութիւնը։ Եւրոպական տարածաշրջանի բազմաթիւ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ամենաբարձր մակարդակի ներկայացուցիչները Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ կը հիւրընկալուին այս գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս։ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտեթ Եըլմազին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնն ալ այս առաւօտ Երեւան մեկնեցաւ՝ այս կարեւոր հաւաքին առթիւ։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արտասահմանեան պատուիրակութիւններու ղեկավարները մի առ մի դիմաւորեց՝ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս, ուր տեղի կ՚ունենայ գագաթաժողովը։
Հաւաքի մասնակիցներու շարքին են՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ, Մոնաքոյի Ալպեր Բ. իշխանը, Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստա, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, Պելժիոյ վարչապետ Պարթ տը Վեւեր, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ, Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի, Զուիցերիոյ նախագահ Կայ Փարմելին, Ալպանիոյ վարչապետ Էտի Ռամա եւ այլ բազմաթիւ ղեկավարներ։