ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ
Այսօր, Փարիզի մէջ նախատեսուած է՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ, անկրկնելի տաղանդ, հոգելոյս Արա Կիւլէրի վերաբերեալ յատկանշական ձեռնարկ մը: Այսպէս, «Փասիֆիք» ֆրանսական հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է՝ «Արա Կիւլէր-Իսթանպուլ» գիրքի ֆրանսերէն տարբերակի նոր հրատարակութեան: Տեղւոյն ժամով երեկոյեան, «Magnum Photos»ի մէջ տեղի պիտի ունենայ այս գիրքին շնորհանդէսը: Արա Կիւլէրի արխիւի եւ թանգարանի, «Magnum Photos»ի եւ «Փասիֆիք» հրատարկչատան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երեկոյթ մըն է այս մէկը, որ առիթ կը դառնայ մէկ կողմէ Արա Կիւլէրի ոգեկոչման, իսկ միւս կողմէ անոր ոսպնեակով որսուած դրուագներու վերարժեւորման՝ ժամանակներու հոլովոյթէն ներս:
Գիրքի ծանօթացումը տեղի կ՚ունենայ մասնաւոր ծրագիրով մը, որու ընթացքին «Փասիֆիք» հրատարակչատունէն Ալեքսանտր Միյէի հետ զրոյց մըն ալ նախատեսուած է:
Այս ձեռնարկին առթիւ Իսթանպուլէն Փարիզ մեկնած են Արա Կիւլէր արխիւի եւ թանգարանի ղեկավարութենէն՝ Չաղլա Սարաչ, Եասեմին Էօզիւյէ, Թեմէլ Եըլմազ եւ Կէօրքէմ Էրկիւն: