«ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԲԱՑ ԴՈՒՌ»
Երեւանի մէջ, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի երդիքին տակ, նախընթաց օր բացուեցաւ շատ շահեկան ցուցահանդէս մը, որ լոյս կը սփռէ հայոց արդի պատմութեան կարեւորագոյն ծալքերուն վրայ: «Հայաստան. բաց դուռ» խորագրեալ ցուցահանդէսը նուիրուած է՝ 1946-1949 թուականներու հայրենադարձութեան շարժման: Այդ մեծ հայրենադարձութեան 80-ամեայ յոբելեանին նուիրուած է ցուցահանդէսը:
Այս ծրագիրը կը ներկայացնէ Բ. Աշխարհամարտէն յետոյ 11 երկրէ ներգաղթած հայ ընտանիքներու պատմութիւնը, Խորհրդային Հայաստանի մէջ անոնց հանդիպած իրականութիւնը, յետագայ իրադարձութիւնները եւ ձեռքբերումները: Ցուցահանդէսի մէջ ներկայացուցած են նիւթեր՝ հայրենադարձներու ընտանեկան արխիւներէն, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ Ազգային արխիւի պահոցներէն, ինչպէս նաեւ ժամանակաշրջանը բնորոշող տեսահոլովակներ:
«Հայաստան. բաց դուռ» ցուցահանդէսը նախաձեռնած եւ պատրաստած է «Ֆակ-տում» փաստավաւերագրական կեդրոնը՝ «Հրայր Յովնանեան» ընտանեկան հիմնադրամի եւ Հայաստանի Ֆրանսական կա-ճառի ելմտական աջակցութեամբ:
Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկան՝ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի տնօրէն Դաւիթ Պօղոսեան, «Ֆակտում» փաստավաւերագրական կեդրոնի հետազօտող Տիգրան Պասքեւիչեան, «Հրայր Յովնանեան» ընտանեկան հիմնադրամի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Կորիւն Խաչատրեան եւ Հայաստանի Ֆրանսական կաճառի տնօրէն Զաւիէ Ռիշար:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ սեպտեմբերի 2-ը: