ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ: Վարչապետ Փաշինեան Թեհրան մեկնած էր՝ Իրանի նախորդ հոգեւոր առաջնորդ Այեթուլլահ Խամանէյի յուղարկաւորութեան մասնակցելու համար:
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Փաշինեան Փեզեշքիանի հետ զրուցելու ժամանակ անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեց Ալի Խամանէյի մահ-ւան կապակցութեամբ՝ ընդգծելով, որ Հայաստան կը բաժնէ Իրանի ժողովուրդին վիշտը:
Իր կարգին, Մեսուտ Փեզեշքիան շնորհակալութիւն յայտնեց Նիկոլ Փաշինեանին՝ Ալի Խամանէյի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան մասնակցելու բերումով: Ան նշեց, որ Իրան բարձր կը գնահատէ դժուարին իրավիճակի մէջ իրեն նկատմամբ Հայաստանի կողմէ որդեգրուած դիրքորոշումը եւ ցուցաբերուած մարդասիրական աջակցութիւնը: Փեզեշքիան, միեւնոյն ժամանակ, Փաշինեանը շնորհաւորեց՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու մէջ արձանագրած յաջողութեան առթիւ: Ան համոզուած է, թէ երկկողմանի յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն հետեւողականօրէն զարգանալ եւ ամրապնդուիլ:
Երկու ղեկավարները կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային բնոյթով հարցերու շուրջ՝ կարեւորելով խաղաղութեան, կայունութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան ամրապնդման ուղղեալ հետեւողական քայլերու իրականացումը: