ՄՇՏԱԿԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան յայտարարեց, որ Ատրպէյճանէ ներս պահուած գերիներու վերադարձի ուղղութեամբ աշխատանքը կ՚իրականացուի ամէն օր եւ երբեք չի դադրիր։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Ռուբէն Ռուբինեան ըսաւ.

«Գերիներու եւ այլ պահուած անձերու վերաբերեալ, գիտէք, որ այդ հարցը ամէնօրեայ աշխատանքի մաս է։ Այդ ամէնօրեայ աշխատանքի շնորհիւ է, որ տարիներու ընթացքին աւելի քան 200 գերի վերադարձած է հայրենիք եւ այդ աշխատանքը երբեք չի դադրիր։ Անցեալի մէջ եւս եղած են ժամանակահատուածներ, երբ վերջադարձի գործընթացին մէջ տեսանելի յառաջընթաց չէ արձանագրուած, սակայն, բանակցային աշխատանքը կը շարունակուի։ Եղած են ամիսներ, երբ որեւէ շարժ չէ եղած։ Քննարկումներ եղած են, թէ կառավարութիւնը ոչինչ կ՚ընէ, բայց, յանկարծ օր մը վերադարձած են հերթական գերիները։ Մենք ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի սա հնարաւորինս արագ տեղի ունենայ։ Բնականաբար, խորհրդարանական մակարդակի վրայ եւս, ինչպէս աշխատած ենք այդ ուղղութեամբ, այդպէս ալ կ՚աշխատինք»։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026