ՀԵՌԱՁԱՅՆՈՎ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարար Էտ Միլիպենտի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ զրոյցի ընթացքին նախարարները անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակը եւ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները։

Մերձաւոր Արեւելքի կտրուածքով Ֆիտան եւ Միլիպենտ առաջին հերթին կանգ առին Կազզէի առկայ իրավիճակին վրայ։ Իսկ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան շուրջ իրադարձութիւնները եւ տարածաշրջանի ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու ուղղեալ ջանքերն ալ անոնք շօշափեցին առաջնահերթօրէն։

Հաքան Ֆիտան Էտ Միլիպենտը շնորհաւորեց՝ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026