ՎՃՌՈՐՈՇ ՓՈՐՁԱՔԱՐ

Իրանի միջուկային ծրագիրը նոր աշխարհակարգի վճռորոշ փորձաքարը դարձած է։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանյահուի՝ վերջերս Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը թէեւ դրական էր, բայց, անորոշութիւններուն վերջ չդրաւ։ Օրերս Թրամփ եւ Նեթանյահու Սպիտակ տան մէջ ունեցան շուրջ 90 վայրկեան տեւած հանդիպում մը, որու հիմնական օրակարգը Իրանի միջուկային ծրագիրն էր։ Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Վենս, պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ, պաշտպանութեան նախարար Փիթ Հեկսէթ, CIA-ի տնօրէն Ճոն Ռաթքլիֆ եւ նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ։ Երկու կողմերն ալ վերահաստատած են, թէ իրենց ընդհանուր նպատակը Իրանը միջուկային զէնք ունենալէ զրկելն է։

Իսրայէլեան եւ ամերիկեան որոշ լրատուամիջոցներ այս հանդիպումը ներկայացուցած են՝ որպէս «շատ դրական» եւ «արդիւնաւէտ»։ Նեթանյահու յայտարարեց, որ Թրամփի հետ զրոյցը եղած է ամենէն յաջողներէն մէկը՝ շեշտելով երկու երկիրներու ամբողջական համագործակցութիւնը Իրանի հարցով։ Սակայն, ըստ Իսրայէլէ վերլուծաբաններու, Նեթանյահու այս անգամ Սպիտակ տուն հասած է աւելի սահմանափակ քաղաքական ազդեցութեամբ՝ թէեւ ներկայացուցած է նոր հետախուզական տեղեկութիւններ Իրանի միջուկային գործունէութեան մասին։

Պատերազմի վերսկսման կոչերու եւ աճող լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ զրուցեցին երկու ղեկավարները։ Հանդիպման զուգահեռ՝ Իսրայէլի մէջ աւելի բարձրացած են Իրանի դէմ ռազմական գործողութիւններ վերսկսելու կոչերը։ Պաշտպանութեան նախարար Էլի Քոհէն յայտարարած է, որ Իրանի հետ համաձայնութիւնը արժէք չունի եւ անհրաժեշտ է «աւարտել առաքելութիւնը», իսկ Քնեսէթի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահ Պոազ Պիսմութ նշած է, որ ներկայ փուլը ընդամէնը ժամանակաւոր դադար մըն է, իսկ պատերազմի երրորդ փուլը տակաւին առջեւն է։

Միւս կողմէ, Թրամփ նախապէս շեշտած էր, որ ԱՄՆ ամբողջովին կը հետեւի Իրանի միջուկային գործունէութեան եւ անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ նոր հարուածներ տալ։ Այդ ընթացքին Իսրայէլի անվտանգութեան կառոյցները զգուշացուցած են, որ Իրան կը սաստկացնէ երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներու դէմ գործողութիւններ կազմակերպելու սպառնալիքները, որոնց հետեւանքով ուժեղացուած են անոնց պաշտպանական միջոցառումները։

Այս բոլոր զարգացումները կը վկայեն, որ թէեւ լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւնները ներկայիս չեն վերսկսած, սակայն, քաղաքական եւ ռազմական մթնոլորտը կը շարունակէ մնալ խիստ լարուած։ Ուաշինկթըն հրապարակաւ կը շարունակէ խօսիլ դիւանագիտական լուծումներու հնարաւորութեան մասին, մինչդեռ Թել Աւիւի քաղաքական շրջանակներուն մէջ օրըստօրէ կը զօրանայ այն համոզումը, թէ Իրանի միջուկային ծրագիրը կարելի չէ կանգնեցնել միայն բանակցութիւններով։ Այդ պատճառով ալ Իսրայէլ կը փորձէ միջազգային հանրութեան մէջ պահպանել այն ընկալումը, թէ ռազմական ընտրանքը ո՛չ միայն բաց կը մնայ, այլեւ անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ արագ գործադրուիլ։

Թրամփ-Նեթանյահու վերջին հանդիպումը առաջին հայեացքով կրնայ տպաւորութիւն ստեղծել, թէ Ուաշինկթընն ու Թել Աւիւը ամբողջական համաձայնութեան հասած են Թեհրանի հարցով։ Սակայն, հանդիպումի հրապարակային յայտարարութիւններուն եւ անոր ետին ընթացող քաղաքական շարժումներուն միջեւ նկատելի տարբերութիւն կայ։ Երկու մայրաքաղաքներն ալ կը համաձայնին, որ Իրան պէտք չէ ունենայ միջուկային զէնք, բայց, այդ նպատակին հասնելու միջոցներուն շուրջ ամբողջական նոյնութիւն չկայ։

Ամերիկեան վարչակազմը, առնուազն ներկայ փուլին, կը փորձէ ուժի սպառնալիքը օգտագործել՝ որպէս բանակցային լծակ։ Թրամփի յայտարարութիւնները նոյնքան կը միտին ճնշում բանեցնելու Իրանի վրայ՝ որքան վստահեցումներ տալու Իսրայէլին, թէ ԱՄՆ պատրաստ է անհրաժեշտութեան պարագային գործելու։ Այլ խօսքով՝ Ուաշինկթընի համար պատերազմի սպառնալիքը նաեւ դիւանագիտական միջոց մըն է։

Իսրայէլի մօտ պատկերը բոլորովին այլ է։ Հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր Իսրայէլի անվտանգային մտածելակերպը արմատական փոփոխութենէ անցած է։ Թել Աւիւի ղեկավարութեան համար այլեւս անընդունելի է երկար սպասումը կամ միայն միջազգային ճնշումներու վրայ յոյս դնելը։ Այդ պատճառով ալ Իսրայէլի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ ներկայացնել նոր հետախուզական տեղեկութիւններ եւ կը փորձէ ամերիկեան վարչակազմը համոզել, թէ Իրանի միջուկային ծրագիրը հասած է այնպիսի հանգրուանի մը, ուր կանխարգելիչ հարուածը կրնայ դիտուիլ՝ որպէս աւելի փոքր վտանգ, քան երկար սպասելը։

Յամենայնդէպս, այստեղ կայ նաեւ քաղաքական այլ իրականութիւն մը։ ԱՄՆ ստիպուած է հաշուի առնել ո՛չ միայն Իրանի, այլեւ ամբողջ տարածաշրջանի արձագանգը։ Լիբանանը, Իրաքը, Սուրիան, Արաբական ծոցի երկիրները եւ նոյնիսկ համաշխարհային տնտեսութիւնը ուղղակիօրէն պիտի ազդուին լայնածաւալ պատերազմէ մը։ Նաւթի միջազգային շուկաները, ծովային փոխադրութիւնները եւ համաշխարհային տնտեսական կայունութիւնը կրնան ծանր հարուածի տակ մնալ։ Հետեւաբար, Ուաշինկթընի հաշուարկները շատ աւելի լայն են՝ քան միայն Թեհրան-Թել Աւիւ հակամարտութիւնը։

Իրանի համար ալ իրավիճակը դիւրին չէ։ Երկիրը կը գտնուի տնտեսական ծանր ճնշումներու տակ, սակայն, միեւնոյն ժամանակ, կը փորձէ ցոյց տալ, որ արտաքին սպառնալիքները չեն կրնար ստիպել զինք հրաժարելու իր ռազմավարական առաջնահերթութիւններէն։ Թեհրանի ղեկավարութիւնը կը գիտակցի, որ որեւէ լայնածաւալ պատերազմ կրնայ վտանգել ներքին կայունութիւնը, բայց, նոյնքան կը գիտակցի, որ չափազանց մեծ զիջումները կրնան ընկալուիլ՝ որպէս տկարութեան նշան։ Այս հակասական պայմանները իրավիճակը կը դարձնեն աւելի բարդ եւ անկանխատեսելի։

Այժմու իրականութիւնը հետեւեալն է. Միջին Արեւելքը կը գտնուի ո՛չ թէ խաղաղութեան, այլ վերահսկելի լարուածութեան փուլի մը մէջ։ Դիւանագիտութիւնը եւ պատերազմի սպառնալիքը կը շարժին զուգահեռ գիծերով։ Բանակցութիւնները տակաւին չեն փակուած, բայց, զէնքի լեզուն ալ ամբողջովին չէ լռած։ Աւելի՛ն, պատերազմի մասին խօսքը ինքնին դարձած է քաղաքական ճնշման միջոց մը, որով իւրաքանչիւր կողմ կը փորձէ աւելցնել իր բանակցային կշիռը։

Ահա թէ ինչո՛ւ Թրամփ-Նեթանյահու հանդիպումը պէտք չէ գնահատել միայն անոր հրապարակային ժպիտներով կամ դրական յայտարարութիւններով։ Իրական քաղաքականութիւնը կը գրուի փակ դռներու ետին, ուր կը բախին ամերիկեան համաշխարհային շահերը եւ Իսրայէլի անվտանգային առաջնահերթութիւնները։ Այսօր այդ երկուքը կը համընկնին նպատակի մակարդակով, բայց, ո՛չ անպայման ժամանակի, միջոցներու եւ գործողութիւններու ընտրութեան մէջ։

Մինչ այդ, ամբողջ տարածաշրջանը կը շարունակէ ապրիլ անորոշութեան մէջ։ Ամէն նոր հանդիպում, ամէն նոր յայտարարութիւն եւ ամէն նոր հետախուզական տեղեկութիւն կրնայ փոխել քաղաքական հաշուարկները։ Այդ իսկ պատճառով ներկայ փուլը աւելի շատ կը յիշեցնէ երկարատեւ ռազմավարական դիմակայութիւն մը՝ քան վերջնական լուծման մօտեցող ճգնաժամ։ Արդեօք յառաջիկայ ամիսները պիտի բերե՞ն նոր համաձայնութիւն մը, թէ նոր ռազմական բախում մը։ Այսօր դժուար է կանխատեսել, բայց, մէկ բան յստակ է. Իրանի միջուկային թղթածրարը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի քաղաքականութեան առանցքը, իսկ այս կապակցութեամբ որոշումները պիտի ձեւաւորեն ո՛չ միայն տարածաշրջանի, այլեւ միջազգային քաղաքականութեան յաջորդ փուլը։ 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Օգոստոս 4, 2026