ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան յայտարարեց, որ Չեխիոյ հետ քաղաքական երկխօսութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ։ Երէկ, Վահագն Խաչատուրեան հիւրընկալուեցաւ Չեխիոյ նախագահ Փեթր Փաւէլի կողմէ։ Փրակի մէջ ամենաբարձր մակարդակի վրայ ընդունելութեան արժանացաւ հանրապետութեան նախագահը՝ դէպի Չեխիա պաշտօնական այցելութեան շրջանակներէն ներս։ Բացի նախագահական պալատէն ներս հիւրընկալուելէ, Վահագն Խաչատուրեան այցելեց նաեւ երկրի խորհրդարանը, ուր եւս ջերմ վերաբերմունքի արժանացաւ։

Երեւան այս շրջանին հետեւողականօրէն աշխատանք կը տանի, որպէսզի Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն հետ զարգացնեէ իր համագործակցութիւնը։ Այս ամբողջին մէջ աշխուժութիւն կը նկատուի նաեւ Երեւան-Փրակ առանցքին վրայ, իսկ ներկայ բարձր մակարդակի այցելութիւնը այդ հանգամանքի փաստերու շարքին կը դասուի։

Փրակի մէջ Փեթր Փաւէլ յայտնեց, որ Չեխիա կը խոստանայ Հայաստանին աջակցիլ, որպէսզի Ռուսաստանէն անոր տնտեսական կախուածութիւնը նուազի։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2026