«ՄԵՆՔ ՉԵՆՔ ԱՌԱՐԿԵՐ»

Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ առկայ լարուածութեան դրսեւորումները կը շարունակուին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի վերջին հանդիպման յաջորդած մթնոլորտին մէջ։ Պիշքէքի մէջ, նախընթաց օր տեղի ունեցած հանդիպումէն վերջ Վլատիմիր Փութին յայտնած էյ, որ Ռուսաստան կրնայ Հայաստանէն ի ռազմախարիսխը դուրս բերել նոյնիսկ վաղը, եթէ Հայաստան համոզուած է, թէ այդ մէկուն կարիքը չունի։ Երէկ, իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան չ՚առարկեր, եթէ Ռուսաստան որոշէ իր ռազմախարիսխը դուրս բերել երկրէն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւններ ըրաւ՝ կառավարութեան հերթական ժողովէն վերջ։ Մամլոյ սպասաւորներուն հետ զրուցելու ժամանակ վարչապետը ըսաւ. «Մենք այս ընթացքին որեւէ անգամ Ռուսաստանի ռազմախարիսխի հարցը չենք բարձրացուցած եւ այնպէս ալ չէ, որ մենք կը համարենք, թէ ռուսական ռազմախարիսխի ներկայութիւնը Հայաստանի տարածքէն ներս կենսական անհրաժեշտութիւն մըն է։ Եթէ Ռուսաստան որոշէ դուրս բերել ռազմախարիսխը Հայաստանէն, մենք չենք առարկեր, բայց, եթէ մնալու ուղղութեամբ փափաք արտայայտեն, ապա մենք պատրաստ ենք նաեւ այդ բանը քննարկել։ Բայց, մենք այս ընթացքին այդ հարցերը երբեք չենք բարձրացուցած»։

Բաց աստի, լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Պիշքէքի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած հանդիպման մանրամասնութիւններուն։ Վարչապետ դիտել տուաւ, որ Ալիեւի հետ քննարկած են Երեւան-Պաքու համատեղ օրակարգի գրեթէ բոլոր հարցերը։ Յամենայնդպէս, վարչապետը ընդգծեց, որ Ալիեւի հետ զրոյցի ընթացքին նիւթ չէ դարձած Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան ենթարկուելու խնդիրը։ «Սահմանադրութիւնը մեր օրակարգին մէջ չի մտներ, ընդհակառակն՝ մենք կ՚արձանագրենք՝ արտաքին գործընկերներու եւ այլ երկիրներու հետ մեր Սահմանադրութեան օրակարգն ու հարցը չենք քննարկեր։ Երեւանի փափաքն ու պատգամն է, որ այլ երկիրներ չիւրացնեն ընդդիմութեան խօսոյթը եւ իրենք ալ չօգտագործեն, որովհետեւ սա չի բխիր գործընկերութեան տրամաբանութենէն։ Սահմանադրութեան հարցը բացառապէս Հայաստանի ներքին խնդիրն է», եզրափակեց Նիկոլ Փաշինեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2026