ՄԻՇՏ ՍԵՐՏ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Միջազգային յարափոփոխ ու անկայուն իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Փարիզ-Լոնտոն առանցքին վրայ կը նկատուի մեծ աշխուժութիւն։ Ֆրանսա եւ Անգլիա ՄԱԿ-ի անվտանգութեան խորհուրդի՝ Եւրոպայի ցամաքամասի երկու մշտական անդամներն են։ BREXIT-էն վերջ, երկու երկիրներուն միջեւ կը կառուցուին նոր յարաբերութիւններ՝ մինչ վերջերս Անգլիոյ մէջ վարչապետի պաշտօնը ստանձնած է Էնտի Պուռնհըմ ։ Այս վերջինը Անգլիոյ կառավարութեան գլուխը անցնելէ վերջ առաջին անգամ՝ որպէս օտարերկրեայ ղեկավար հիւրընկալեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնը։ Կը հաղորդուի, որ թէ՛ նախագահին եւ թէ վարչապետին հետ էին իրենց կողակիցները։ Մաքրոն եւ Պուռնհըմ անդրադարձան Փարիզ-Լոնտոն օրակարգի գրեթէ բոլոր հարցերուն։ Անոնք առանձին ուշադրութեան առարկայ դարձուցին Մանշի նեղուցի նաւագնացութեան վիճակը՝ մանաւանդ, որ փոքր նաւակներ ապօրինի ընթացք կ՚ունենան այնտեղ։ Բաց աստի, նախագահն ու վարչապետը խօսեցան պաշտպանութեան ոլորտէ ներս համագործակցութեան, Ուքրայնայի իրադրութեան, Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութիւններուն եւ համաշխարհային օրակարգի այլ ընդհանուր մարտահրաւէրներուն շուրջ։
Էնտի Պուռնհըմ շեշտեց, որ Մաքրոն առաջին օտարերկրեայ ղեկավարն է, որ Լոնտոն կ՚այցելէ անցեալ յուլիսին՝ իր կողմէ վարչապետի պաշտօնի ստանձնումէն ի վեր։ «Սա ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչի կրնայ հասնիլ համագործակցութիւնը, ինչպէս մենք ցոյց կու տանք նաեւ Ուքրայնայի, փոքր նաւակներու, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ եւ Եւրոմիութեան միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման հարցին մէջ», ըսաւ Պուռնհըմ։
Էմմանիւէլ Մաքրոնի Լոնտոն այցելութիւնը, ըստ էութեան, ձօնուած է Բրիտանական թանգարանէն ներս կազմակերպուած ցուցադրութեան մը։ Այսպէս, Պայոյի կոպլէնը ժամանակաւոր ձեւով փոխանցուած է Անգլիա։ Բրիտանական թանգարանէն ներս հանդիսաւոր արարողութեամբ սկսաւ այդ նմոյշին ցուցադրութիւնը։ Հաւաքոյթի ընթացքին Էմմանիւէլ Մաքրոն հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Անգլիոյ Չարլզ Գ. թագաւորին հետ, որ ձեռնարկի պատուոյ հիւրն էր։ Հարկ է նշել, որ միջնադարեան այդ կոպլէնի հանրային ցուցադրութիւնը Լոնտոնի մէջ պիտի շարունակուի մինչեւ 2027 թուականի յուլիսի վերջաւորութիւնը։