ՆՈՐ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

Այսօր, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի գործարար աշխարհներու ներկայացուցիչներուն՝ Երեւանի մէջ կազմակերպուած հաւաքը կը հասնի իր աւարտին։ «Armenia Expo 2026» ցուցահանդէսի շրջանակներէն ներս կ՚ընթանայ հաւաքի եզրափակիչ փուլը՝ քանի այնտեղ առանձին բաժիններ վերապահուած պիտի ըլլան երկկողմանի համագործակցութեան հեռանկարներուն։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, գործարարներու հաւաքի շրջանակներէն ներս, երէկ, ելոյթով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան, որ ըսաւ. «Հայ եւ թուրք գործարարները կը շարունակեն համագործակցիլ՝ հակառակ սահմանի փակ ըլլալուն»։ Ան Եւրոպական Միութեան շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ աջակցութեան ծրագրերուն համար։

Ելոյթին մէջ Արսէն Ղազարեան դիտել տուաւ, որ ներկայիս իրավիճակի փոփոխութիւն մը խնդրոյ առարկայ է։ «Անգամ մը եւս կը սպասուի, որ սահմանը շուտով կը բացուի։ Շուտով. երեսուներեք տարիէ ի վեր կ՚ըսեն՝ շուտով սահմանը պիտի բացուի», ըսաւ ան։ Յամենայնդէպս, Արսէն Ղազարեան ուրախութիւն յայտնեց, որ Երեւան ժամանած են Վանի, Իգդիրի եւ Կարսի գործարարները, որոնք եթէ սահմանը բաց ըլլար միայն 45 վայրկեանի ընթացքին պիտի կարենային հասնիլ Երեւան կամ Կիւմրի՝ առանց այսքան դժուարութիւններու։ Ան թուրք գործարարներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի հանգամանօրէն ուսումնասիրեն Հայաստանի տնտեսական եւ ներդրումային հնարաւորութիւնները, աշխուժօրէն մասնակցին համաժողովի շրջանակներէ ներս նախատեսուած երկկողմանի հանդիպումներուն։

«Հայաստանը Թուրքիոյ հետ բաղդատելու ժամանակ թէ՛ տնտեսութեամբ եւ թէ բնակչութեան քանակով կը թուի փոքր ըլլալ, բայց, մենք շատ մեծ ներուժ մը ունինք եւ այս բանը ապացուցանած ենք միջազգային գործարարութեան, առեւտուրի մէջ, իրարու նկատմամբ՝ ներառեալ թուրք գործարարներու հետ աշխատանքի ընթացքին», աւելցուց ան։

Գործարարներու հանդիպման շրջանակներէն ներս, Վանի Առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի կողմէ օրակարգի վրայ բերուեցաւ առաջարկ մը, որ կը նախատեսէ այդ քաղաքէն ներս ստեղծել Թուրքիա-Հայաստան տնտեսական կապերու համակարգման ներկայացուցչութիւն մը։

Միւս կողմէ, գործարարներու հաւաքի ընթացքին ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Եւրոմիութեան Հայաստանի առաքելութեան ղեկավարը՝ դեսպան Վասիլիս Մարակոս։ Հարկ է նշել, որ սոյն հանդիպման կազմակերպումը խրախուսուած է ԵՄ-ի կողմէ։ Դեսպան Մարակոս դիտել տուաւ, որ Եւրոմիութիւնը պատրաստ է աջակցելու Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 4, 2026