ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԵՄ ԱՌԱՋԻՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ

Երեւանի մէջ այսօր տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն առաջին գագաթաժողովը։ Կողմերու յարաբերութիւններու խորացման տեսակէտէ առանձնայատուկ նշանակութեամբ իրադարձութիւն մըն է այս մէկը։ Հայաստան-ԵՄ առաջին գագաթաժողովը կը յաջորդէ՝ նոյնպէս երէկ, նոյնպէս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին։ Երեւանի ղեկավարութիւնը, որ վերջին տարիներուն Եւրոպայի հետ համարկումը խորացնելու ուղղութեամբ կ՚ընթանայ, իրերայաջորդ այս երկու գագաթաժողովներով ապագայի տեսակէտէ կարեւոր հիմքեր կը ստեղծէ։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ Երեւանի մէջ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւն կազմակերպեց՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի եւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի համար։ Այս վերջինները թէեւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովին համար արդէն Երեւանի մէջ կը գտնուէին, սակայն, նկատի ունենալով, որ այս օրուան գագաթաժողովը բոլորովին առանձին է՝ այս առթիւ երկրորդ պաշտօնական դիմաւորման արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահի ապարանքին մէջ։ 

Բանակցութիւններու ընթացքին ԵՄ-ի պատուիրակութիւնը կը գլխաւորեն Անթոնիօ Քոստա եւ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն, իսկ հայկական պատուիրակութիւնը՝ Նիկոլ Փաշինեան։ 

Եւրոպական քաղաքական համայնքի երէկուան 8-րդ գագաթաժողովին առթիւ Երեւան հանդիսացաւ եւրոպացի ղեկավարներու բառին բուն իմաստով ժամադրավայրը։ Արդարեւ, Եւրոպական քաղաքական համայնքը կը համախմբէ շուրջ յիսուն եւրոպական երկիր եւ կազմակերպութիւն։ Երեւանի երէկուան գագաթաժողովին առաջին անգամ որպէս հիւր երկիր ներգրաւուեցաւ նաեւ Գանատան։ 

Եւրոպական քաղաքական համայնքի երէկուան 8-րդ գագաթաժողովին առթիւ Երեւան այցելեցին հետեւեալները.

Թուրքիոյ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտեթ Եըլմազ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր, Իտալիոյ վարչապետ Ճիորճիա Մելոնի, Սպանիոյ վարչապետ Փետրօ Սանչեզ, Մոնաքոյի Ալպեր Բ. իշխանը, Լեհաստանի վարչապետ Տոնալտ Թուսք, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստա, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն, ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռութէ, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու, Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գծով գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս, Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի, Պելժիոյ վարչապետ Պարթ տը Վեւեր, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ, Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի, Զուիցերիոյ նախագահ Կայ Փարմելին, Ալպանիոյ վարչապետ Էտի Ռամա, Խրուաթիոյ վարչապետ Անտրէժ Փլենքովիչ, Լիթուանիոյ վարչապետ Ինկա Ռուկինիենէ, Սլովաքիոյ վարչապետ Ռոպերթ Ֆիքօ, Եւրոպական խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլա, Անտորրայի վարչապետ Խաւիէր Էսփոթ Զամորա, Յունաստանի նախագահ Քոնտանդինոս Թասուլաս, Չեխիոյ վարչապետ Անտրէժ Պապիշ, Ռումանիոյ նախագահ Նիքուշոր Տան, Յունական Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Խրիստոտուլիտես, Իրլանտայի վարչապետ Միշէլ Մարթին, Էսթոնիոյ վարչապետ Քրիստէն Միխալ, Սան Մարինոյի արտաքին գործոց նախարար Լուքա Պեքարի, Պոսնա-Հերսեքի նախագահական խորհուրդի նախագահ Տենիս Պեքիրովիչ, Սերպիոյ վարչապետ Տժուրօ Մաքութ, Հիւսիսային Մակեդոնիոյ նախագահ Կորտանա Սիլիեանովսքա, Քարատաղի նախագահ Ժաքով Միլաթովիչ, Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէ, Քոսովայի վարչապետ Ալպին Քուրթի, Լիխթենշթայնի վարչապետ Պրիժիտ Հաս, Լիւքսեմպուրկի վարչապետ Լիւք Ֆրիտեն, Պուլկարիոյ նախագահ Իլիանա Լոթովա, Նորվեկիոյ վարչապետ Ճոնաս Կահր Սթոր, Ֆինլանտիայի վարչապետ Փեթերի Օրփօ եւ Մոլտովայի նախագահ Մայա Սանտու։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2026