ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽ-ՆԱԽԱԳԱՀ ՃԵՒՏԵԹ ԵԸԼՄԱԶ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԸՆԴՈՒՆՈՒԵՑԱՒ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ
Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտեթ Եըլմազ, որ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին առթիւ այցելեց Երեւան, երէկ, ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ: Ճեւտեթ Եըլմազի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան կազմին մէջ էին՝ արտաքին գործոց փոխ-նախարար Պերրիս Աքընճը, Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Սերտար Քըլըչ եւ այլ բարձրաստիճան դիւանագէտներ:
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Նիկոլ Փաշինեան ողջունեց Ճեւտեթ Եըլմազի Հայաստան այցը եւ նշեց, որ սա կարեւոր նշանակութիւն ունի երկու երկիրներու յարաբերութիւններու տեսակէտէ:
Իր կարգին, Ճեւտեթ Եըլմազ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ հիւրընկալութեան եւ գագաթաժողովին մասնակցելու հրաւէրին համար:
Զրուցակիցները քննարկեցին Անգարա-Երեւան կարգաւորման գործընթացին եւ ցարդ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման վերաբերեալ հարցեր:
Հանդիպման արդիւնքով ստորագրուեցաւ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի Անիի պատմական կամուրջի (Մետաքսի ճանապարհ) համատեղ վերականգնման աշխատանքներու իրականացման արձանագրութիւնը: Փաստաթուղթը ստորագրեցին դեսպան Սերտար Քըլըչ եւ Հայաստանի ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ Անգարայի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացէն ներս Երեւանի յատուկ ներկայացուցիչն է:
Միւս կողմէ, տեղական մամուլը լայնօրէն կ՚անդրադառնայ Ճեւտեթ Եըլմազի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութեան Երեւան այցելութեան: Այսպէս, թերթերը կը նշեն, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը Թուրքիոյ համար արարողակարգային ճկունութիւն մը կատարած է, Եւրոպական Միութեան հետ: Արդարեւ, այս գագաթաժողովի համար հրաւէր ուղղուած էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանին, որ որոշեց մասնակցութիւն չբերել: Բացառապէս ղեկավարներուն համար նախատեսուած գագաթաժողովին այլ մակարդակի վրայ մասնակցութիւն բերել, ըստ էութեան, հնարաւոր չէր: Յամենայնդէպս, թէ՛ Եւրոպական Միութիւնը եւ թէ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն ընծայած են, որպէսզի այս գագաթաժողովին ժամանակ Թուրքիան ալ ներկայացուի: Ուստի, փոխ-նախագահի մակարդակով այցելութիւնը դարձած է հնարաւոր:
Թրքական մամուլը կը գրէ, որ Ճեւտեթ Եըլմազ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ դիմաւորուած է գագաթաժողովի կազմակերպուած համալիրի դրան մօտ, անոնք ձեռնուած եւ զրուցած են:
Ըստ թրքական մամուլին՝ քաղաքական վերլուծաբանները համոզուած են, թէ Երեւանի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին Թուրքիոյ կողմէ բերուած մասնակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի նաեւ՝ 7 յունիսին Հայաստանի մէջ նախատեսուած ընտրութիւններուն տեսակէտէ: Արդարեւ, ընտրութիւններուն համար վարչապետ Փաշինեան կ՚ակնկալէ Թուրքիոյ աջակցութիւնը եւ այս փուլին Ճեւտեթ Եըլմազին Երեւանի գագաթաժողովին մասնակցիլը այդ աջակցութեան արտայայտութիւնը կը համարուի: Միեւնոյն ժամանակ, կը նախատեսուի, որ Երեւանի հանդիպումը թափ տայ երկու հարեւան երկիրներու յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին:
Փաշինեան-Եըլմազ տեսակցութեան ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի եւ Ալիճան-Մարգարա ցամաքային անցակէտի վերաբացման նման շօշափելի խնդիրներ:
Ըստ այլ մեկնաբանութիւններու՝ յառաջիկայ մէկ ամսուան ընթացքին ցամաքային սահմանի բացումը Նիկոլ Փաշինեանի համար կրնայ ըլլալ նախընտրական լաւ նուէր մը:
Թրքական մամուլը կը յիշեցնէ նաեւ, որ Անգարայէն երկար ժամանակ վերջ առաջին անգամ բարձրաստիճան այցելութիւն մը տրուած է Երեւան: Արդարեւ, 18 տարի առաջ նախկին հանրապետութեան նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երեւան մեկնած էր «Ֆութպոլային դիւանագիտութեան» շրջանակներէն ներս՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրին ընդառաջ: 2013 թուականին ալ, շրջանի արտաքին գործոց նախարարը՝ Ահմէտ Տավութօղլու Երեւան այցելած էր՝ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու նախարարաց խորհուրդի ժողովին համար: