ՆՈՐ ԿԼԻՄԱՅԻ ՄԻՋԱՎԱՅՐ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը շարունակէ յառաջ մղել՝ տարածաշրջանային կայունութեան եւ կապերու ընդլայնման նախաձեռնութիւնները:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովը, որուն այսօր կը յաջորդէ Հայաստան-Եւրոմիութիւն առաջին գագաթաժողովը: Յունիսի 7-ին Հայաստանի մէջ նախատեսուած ընտրութիւններուն ընդառաջ, իրերայաջորդ այս գագաթաժողովները մէկ կողմէ կը ներկայացնեն արտաքին քաղաքականութեան տեսակէտէ լուրջ կարեւորութիւն, իսկ միւս կողմէ կը մեկնաբանուին՝ որպէս արեւմուտքի զօրակցութեան արտայայտութիւնը ի նպաստ Երեւանի այժմու ղեկավարութեան:
Եւրոպական քաղաքական համայնքի Երեւանի 8-րդ գագաթաժողովը կազմակերպուած էր՝ «Կառուցելով ապագան. միասնութիւն եւ կայունութիւն Եւրոպայէ ներս» կարգախօսով: Եւրոպայի աւելի քան յիսուն երկիրներէ եւ կազմակերպութիւններէ ղեկավարներ համախմբեց այս գագաթաժողովը, որու զուգահեռ սկսած է նաեւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային համաժողովը: Այս ամբողջ իրադարձութիւնները արդէն դիւանագիտական ժամադրավայրի մը վերածած են Երեւանը, ուր Հայաստանի ղեկավարութեան առաջատար դէմքերը կը հիւրընկալեն եւ իրերայաջորդ կը հանդիպին աշխարհի հիմնական քաղաքական ղեկավարներուն հետ, զանազան ձեւաչափերու մէջ:
Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին առթիւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք մը, նաեւ գեղարուեստական ձեռնարկ մը: «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ բուն գագաթաժողովը, որու զուգահեռ Նիկոլ Փաշինեան ունեցաւ զանազան երկկողմանի հանդիպումներ՝ մասնակիցներու հետ: Բացի Փաշինեանէն, գագաթաժողովի մասնակից միւս ղեկավարներն ալ երկկողմանի ձեւաչափով հանդիպումներ իրականացուցին Երեւանի մէջ:
Զուգահեռաբար կազմակերպուած այս միջազգային հաւաքոյթներէն ցոլացած դրուագները ցոյց կու տան, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմաննիւէլ Մաքրոն կը ջանան առաւել մտերմիկ տեսքով մը հանդէս գալ: Էմաննիւէլ Մաքրոն արդէն այս բոլորին զուգահեռ՝ պետական այցելութիւն մըն ալ կու տայ Հայաստան: Վերջին երկու երեկոներուն Մաքրոն եւ Փաշինեան Երեւանի մէջ կը զբօսնէին միասնաբար:
Երէկուան գագաթաժողովի ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց, որ Հայաստան այժմ կ՚ընթանայ TRIPP-ի իրագործման ճանապարհով: Ան յիշեցուց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագիրը: Վարչապետը համոզուած է, որ Երեւանի գագաթաժողովը կրնայ պատմական դառնալ՝ միջազգային խաղաղութեան առումով: Ան այս յոյսը յայտնեց՝ մատնանշելով մանաւանդ Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմն ու Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները:
Էմաննիւէլ Մաքրոն Երեւանի մէջ հանդէս եկաւ շարք մը ուշագրաւ պատգամներով: Ան մասնաւորապէս շեշտեց, որ Եւրոպա կը շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ անվտանգութեան: Միեւնոյն ժամանակ, Մաքրոն պատրաստակամութիւն յայտնեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ քննարկելու համար՝ Պաքուէ ներս պահուած հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման խնդիրները: Յամենայնդէպս, երէկուան գագաթաժողովի ժամանակ Ալիեւի պատգամը փոխանցուեցաւ առցանց: Ատրպէյճանի ղեկավարի ելոյթը հիւսուած էր սպառնալիքներով, ինչ որ Հայաստանի ղեկավարութեան խաղաղութեան խօսոյթին հետ խոտոր կը համեմատէր: Թէ՛ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի եւ թէ գերիներու եւ պատանդներու խնդիրներու վերաբերեալ Իլհամ Ալիեւի բանաձեւումները մէկ կողմէ մտահոգութեան պատճառ դարձան, իսկ միւս կողմէ առիթ հանդիսացան՝ Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերու կողմէ ահազանգի հնչեցման:
Հարաւային Կովկասի նոր կլիմայի միջավայրը ցոլացնելու տեսակէտէ յատկանշական էր երէկուան գագաթաժողովը, որու ընթացքին ծաւալուած քննարկումներու առանցքին էին Եւրոպայի առկայ առաջնահերթութիւնները՝ մանաւանդ ուժանիւթի անկախութեան, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան տեսակէտէ: Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն դիտել տուաւ, որ Հայաստան կարեւոր դեր կը կատարէ Եւրոպայի մատակարարման շղթաներուն համար: Իսկ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալաս շեշտեց, որ այս գագաթաժողովի Երեւանի մէջ կազմակերպուած ըլլալը ցոյց կու տայ Կովկասի կարեւորութիւնը:
Մինչ Գանատայի վարչապետ Մարք Քարնի ողջունեց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործըթնացէն ներս արձանագրուած յառաջընթացը, ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուն ալ յայտնեց, որ Հայաստան կայուն պետութիւն մըն է անհանգիստ տարածաշրջանին մէջ:
Իր կարգին, Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր յայտնեց, որ Հայաստանի հետ բազմաոլորտ համագործակցութեան ընդլայնումը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ: Միեւնոյն ժամանակ, երէկուան գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս, Փաշինեան եւ Սթարմըր ստորագրեցին Երեւան-Լոնտոն ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիր մը: