ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՊԵՐՏԻՄՈՒՀԱՄԵՏՈՎ ՈՒՆԵՑԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՄԸ
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Թիւրքմենիստանի նախագահ Սերտար Պերտիմուհամետովի հետ։ Զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Թիւրքմենիստան յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը եւ երկկողմանի օրակարգին վերաբերեալ հարցեր։ Վարչապետն ու նախագահը կարեւորեցին առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնումն ու այդ ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը։
Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ յառաջիկայ հոկտեմբերին Երեւանի մէջ նախատեսուած՝ Կենսաբազմազանութեան մասին պայմանագրի կողմերու 13-րդ համաժողովի (COP17) գագաթաժողովին եւ Սերտար Պերտիմուհամետովը հրաւիրեց մասնակցելու այդ հաւաքոյթին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Թիւրքմենիստանի նախագահը սիրով ընդունած է ընդառաջել այդ հրաւէրին։
Բաց աստի, թիւրքմենական աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Փաշինեան խոստացած է մասնակիլ՝ ԱՊՀ-ի յառաջիկայ գագաթաժողովին, որ նախատեսուած է Թիւրքմենիստանի հիւրընկալմամբ։