ՈՒԻԹՔՈՖ ԵՒ ՔՈՒՇՆԷՐ Կ՚ԱՅՑԵԼԵՆ ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ՔԻԵՒ
Ուաշինկթընի կողմէ երկու բանագնաց այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Մոսկուա եւ Քիեւ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ միջնորդական ջանքեր գործադրել՝ Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ։ Նախագահ Տանըլտ Թրամփի յատուկ բանագնացը՝ Սթիվ Ուիթքոֆ եւ փեսան՝ Ճերըտ Քուշնէր հերթական անգամ կ՚այցելեն հակամարտ կողմերու մայրաքաղաքները։ Անոնք վերջին անգամ յունուարին այցելած էին Մոսկուա, ուր Քրեմլինի պալատէն ներս Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ իրենց տեսակցութիւնը տեւած էր չորս ժամ։
«Reuters» գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի բանագնացներու Ուքրայնա այցելութեան շուրջ քննարկումներն ալ կը շարունակուին։
Երկօրեայ ուղեւորութեան ընթացքին ամերիկացի բանագնացները այսօր շփումներ կ՚ունենան Մոսկուայի մէջ, իսկ վաղը կ՚անցնին Քիեւ։
Թրամփ այցելութեան ընդառաջ յայտնեց, որ Ուիթքոֆն ու Քուշնէրը ռուսական կողմին կը ներկայացնեն՝ Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ ԱՄՆ-ի առաջարկը։