Երկուշաբթի 6, Ապրիլ 2026
ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՄԷՋ ՏՕՆԱԿԱՆ ՍԵՂԱՆ
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն ներս, Ս. Զատկի առթիւ, շաբաթավերջին մնայուն բնակիչներուն համար սարքուեցաւ աւանդական տօնական սեղանը։ Ընտանեկան մթնոլորտի յարիր, բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ տեղի ունեցաւ այս ճաշկերոյթը։ Փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի գլխաւորութեամբ՝ հոգաբարձութեան անդամները մնայուն բնակիչներուն նկատմամբ ցուցաբերեցին ջերմ վերաբերմունք, տեղի ունեցան հաւկթամարտեր։ Հիւանդանոցի մասնագիտական անձնակազմի եւ այլ զանազան բաժանմունքներու ղեկավարներն ալ մասնակցութիւն բերին տօնական սեղանին, որու մասնակիցները զիրար անկեղծօրէն շնորհաւորեցին Ս. Զատկի առթիւ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 6, 2026