ԵՐԵՒԱՆ ԵՒ ՓԱՐԻԶ ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԳՈՐԾԸՆԿԵՐ
Երէկ, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիր մը ստորագրուեցաւ։ Փաստաթուղթի մէջ կարեւոր շեշտադրումներ գոյութիւն ունին՝ արհեստական բանականութեան եւ ռազմարդիւնաբերական ոլորտներու մէջ, Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ համագործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ։
Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն արդէն աւարտեց դէպի Հայաստան իր պետական այցելութիւնը։ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին մասնակցելէ վերջ, Երեւանի մէջ, Մաքրոն ծրագիրը շարունակեց՝ այս անգամ պետական այցելութեան ձեւաչափին մէջ։ Ան հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ մէկտեղուելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Միեւնոյն ժամանակ, Մաքրոն մասնակցեցաւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային 3-րդ համաժողովին, որու բացման փուլին ունեցաւ ելոյթ մը, ինչպէս Նիկոլ Փաշինեան։
Մինչ Հայաստան-Ֆրանսա ռազմավարական գործընկերութեան հռչակագիրը ստորագրուեցաւ Փաշինեանի եւ Մաքրոնի կողմէ, երկու պետութիւններու ղեկավարները Երեւանի մէջ փոխադարձ պարգեւատրումներ ալ կատարեցին։ Մաքրոն Խաչատուրեանն ու Փաշինեանը պարգեւատրեց «Լեժիոն տ՚Օնէօր»ով, իսկ ինք պարգեւատրուեցաւ՝ Հայաստանի «Փառքի շքանշան»ով։
Ֆրանսացի ղեկավարը Երեւանէն կոչ ուղղեց, որպէսզի Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտ կողմերը նստին բանակցային սեղանի շուրջ։
Միւս կողմէ, Հայաստանի ղեկավարութեան հետ Մաքրոն երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ նաեւ Կիւմրի, ուր մասնակցեցաւ՝ «Երաժշտական կամուրջ. Հայաստան-Ֆրանսա» խորագրեալ համերգին։