«ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ՆԵՐԿԱՅԻՍ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՋ ԱՆՑԱԾ Է՝ ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԻՆ ԲԱՂԴԱՏՄԱՄԲ»

Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցային գործընթացէ ներս երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչները՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ եւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան: 

Հարկ է նշել, որ հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» 3-րդ միջազգային համաժողովի շրջանակներէն ներս: Դեսպան Սերտար Քըլըչ մաս կազմած էր՝ Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ճեւտեթ Եըլմազի գլխաւորած պատուիրակութեան, որ Թուրքիոյ անունով մասնակցեցաւ՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի 8-րդ գագաթաժողովին, որ նախօրէին տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ: Այդ գագաթաժողովէն վերջ Սերտար Քըլըչ եւ պատուիրակութեան քանի մը անդամները մնացին Երեւանի մէջ՝ մասնակցելու համար այս անգամ վերոյիշեալ համաժողովին: 

Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ վերջին օրերուն գետի նման վարարած բարձր մակարդակի շփումներու մթնոլորտին մէջ, Սերտար Քըլըչ եւ Ռուբէն Ռուբինեան կարծիքներ փոխանակեցին յարաբերութիւններու բնականոնացման ներկայ յառաջընթացին վերաբերեալ: Անոնք ողջունեցին Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի վերականգնման եւ գործարկման հարցերով համատեղ աշխատանքային խումբի՝ վերջերս տեղի ունեցած հանդիպումը: Այս ամբողջին մէջ յատուկ ներկայացուցիչները ընդգծեցին Անգարայի եւ Երեւանի փոխադարձ հետաքրքրութիւնը՝ ապահովելու համար այս երկաթուղիի հնարաւորինս արագ գործարկումը:

Յատուկ ներկայացուցիչները մատնանշեցին Անիի պատմական կամուրջի «Մետաքսի ճանապարհ» համատեղ վերականգնման արձանագրութեան ստորագրումը: Քըլըչ եւ Ռուբինեան ընդգծեցին, որ այդ նախաձեռնութիւնը կ՚աշխուժացնէ երկկողմանի համագործակցութիւնը, կ՚ընդլայնէ հաստատութենական կապը եւ նշանակալիօրէն կը նպաստէ տարածաշրջանային զբօսաշրջութեան: 

Հանդիպման առընթեր, Քըլըչ եւ Ռուբինեան, երէկ ելոյթներով ալ հանդէս եկան «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային 3-րդ համաժողովի շրջանակներէն ներս: Անոնց մասնակցութեամբ կազմակերպուած ասուլիսը արժանացաւ լայն ուշադրութեան: 

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւաքոյթի ընթացքին Ռուբէն Ռուբինեան պատասխանեց հարցումի մը, թէ Թուրքիան եւ Եւրոմիութիւնը ինչպէ՞ս կրնան դրական դերակատարութիւն մը խաղալ Հարաւային Կովկասէ ներս: Այս կապակցութեամբ ան ըսաւ. «Անշուշտ, կան երկաթուղիներ, ճանապարհներ, ենթակառուցուածքներ, որոնք կը կապեն Թուրքիան, Վրաստանը, Ատրպէյճանը, բայց կայ կենսական կապուղի մը, որ կը պակսի: Հայաստան որեւէ ուղի, երկաթուղի չունի դէպի Եւրոմիութիւն, որովհետեւ առ այսօր մենք այդ հնարաւորութիւնը չենք ունեցած՝ անխոչընդոտ երկաթուղային կապ ունենալու Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, հետեւաբար նաեւ Եւրոմիութեան հետ: Բայց եթէ սա տեղի ունենար, ապա կը ստեղծուէին հսկայական հնարաւորութիւններ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ Ատրպէյճանի, թէ՛ Վրաստանի եւ թէ Եւրոմիութեան համար»: 

Համաժողովի ընթացքին Ռուբինեան մատնանշեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ դէպի Հայաստան մատակարարումներու համար սահմանափակումները վերացած են: Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան մատակարարումները՝ Ղազախիստանէ եւ Ռուսաստանէ անհնար կ՚երեւին՝ առանց Վրաստանի մասնակցութեան, որովհետեւ այդ ապրանքները անցած են Ատրպէյճանով, ապա նաեւ Վրաստանով: 

«Ես կը փափաքիմ մեր վրացի ընկերներուն շնորհակալութիւն յայտնել այս բանին համար», ըսաւ Ռուբինեան, որու համոզմամբ թէ՛ Եւրոմիութիւնը եւ թէ Թուրքիան յառաջիկային կ՚ունենան շատ դրական դերակատարութիւն Հարաւային Կովկասէ ներս: 

Ռուբէն Ռուբինեան հաւաքոյթի ընթացքին դիտել տուաւ նաեւ, որ պատմական հնարաւորութիւն գոյութիւն ունի՝ արագացնելու համար Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորումը: «Ժամանակն է մեծ քայլերով յառաջ ընթանալու Հայաստան-Թուրքիա կարգաւորման գործընթացէն ներս», ընդգծեց ան: 

Բաց աստի, Ռուբէն Ռուբինեան դիտել տուաւ, որ բնականոնացման գործընթացը սկսած է 2022 թուականին եւ այդ շրջանէն ի վեր արդէն որոշ յառաջընթաց մը արձանագրուած է: «Այնպէս չէ, որ ոչինչ տեղի ունեցած է: Վերականգնուած են Երեւան-Իսթանպուլ թռիչքները, այս տարուընէ սկսեալ արդէն Թրքական օդային ընկերութիւնը սկսած է թռիչքներ իրականացնել Երեւանի եւ Իսթանպուլի միջեւ, կը քննարկուի անոնց ընդլայնումը», մատնանշեց Ռուբինեան՝ ընդգծելով, որ կողմերը բացած են օդային տարանցիկ փոխադրումներու հնարաւորութիւնը: 

Միեւնոյն ժամանակ, Ռուբէն Ռուբինեան համաժողովի մասնակիցներու նկատառման յանձնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը ներկայիս աւելի առաջ է՝ քան Թուրքիա-Հայաստան ուղղութեամբ ընթացող գործընթացը: «Սա լաւ է, սակայն, մենք ունինք պատմական հնարաւորութիւն աւելի մեծ յառաջընթաց արձանագրելու Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման ոլորտին մէջ», աւելցուց ան: 

Անդրադառնալով տարածաշրջանային ընդհանուր իրավիճակին՝ Ռուբինեան նշեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս կը ձեւաւորուին նոր իրողութիւններ: Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ արդէն ձեւաւորուած են յարաբերութիւններ, որոնք նախապէս կը սահմանափակուէին միայն հակամարտութեամբ: 

Իր կարգին, դեսպան Սերտար Քըլըչն ալ համաժողովի ընթացքին դիտել տուաւ, որ հսկայական ձեռքբերումներ կը տեսնէ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս: Ան ընդգծեց, որ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը առաջին հերթին անոնց միջեւ վստահութեան ձեւաւորման, ամրապնդման բնոյթով գործընթաց մըն է: 

«Մենք կը փորձենք առնել բոլոր քայլերը, որոնք կը կարգաւորեն յարաբերութիւնները մեր երկիրներու միջեւ: Բայց չենք կրնար Թուրքիա-Հայաստան կարգաւորման գործընթացը առանձնացնել ընդհանուր կապակցուածութենէն: Մենք չենք կրնար կապակցուածութիւնը սահմանափակել միայն փոխադրութիւնով, հաղորդուղիներով, երկաթուղային ճանապարհներով: Կան շատ աւելի կարեւոր ոլորտներ, ուր պէտք է ջանքեր ներդնենք: Համացանցի կապուղիները, փոխադրութեան կապուղիները, օդային ուղիները շատ կարեւոր են: Մենք պէտք է աւելի լայն կապակցուածութեան մօտեցում ունենանք՝ հաստատելու խաղաղութիւն եւ կայունութիւն այս տարածաշրջանէն ներս», ըսաւ Սերտար Քըլըչ:

Միեւնոյն ժամանակ, Քըլըչ յայտարարեց, որ որեւէ վայրի մէջ յարաբերութիւնները ընդլայնելու, զարգացնելու, երկարաժամկէտ եւ տեւական խաղաղութիւն ստեղծելու գաղափարները առաջին հերթին պէտք է բխին տուեալ տարածաշրջանէն, այսինքն՝ այդ տարածաշրջանի ժողովուրդները պէտք է ըլլան այդ գաղափարներու տէրը:

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2026