ՆՈՐ ՈՒՂԻՆԵՐՈՒ ԿԵԴՐՈՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկիրը այժմ բոլորովին նոր աշխարհագրական դիրք մը ունի՝ անցեալի բաղդատմամբ: 

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ՝ Հայաստան-Եւրոմիութիւն առաջին գագաթաժողովը, որու շրջանակներէն ներս հրապարակուեցաւ հռչակագիր մը եւ ստորագրուեցան շարք մը փաստաթուղթեր: Երեւան-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ շրջադարձային կը համարուի այս գագաթաժողովի կազմակերպումը: Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ, Հայաստանի պատուիրակութիւնը այս գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս բանակցութիւններ վարեց եւրոպական պատուիրակութեան հետ՝ գլխաւորութեամբ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոստայի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի եւ ԵՄ-ի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ այս փուլին կողմերու համագործակցութեան հիմնական առանցքները կը հանդիսանան՝ մուտքի արտօնութիւններու ազատականացումը, անվտանգութեան բնագաւառը, տնտեսական զարգացումը եւ փոխկապակցուածութիւնը: 

Անթոնիօ Քոստա յայտնեց, որ Հայաստան դարձած է Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ փոխկապակցուածութեան հանգոյց մը եւ անկիւնադարձային դեր ունի Հարաւային Կովկաս-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ: Իր կարգին, Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէն շեշտեց, որ ԵՄ կը փափաքի Հայաստանը դարձնել ներդրումներու տեսակէտէ գրաւիչ երկիր մը: Ան մատնանշեց նաեւ վիզաներու ազատականացման հարցին շուրջ արձանագրուած զարգացումը եւ ըսաւ. «Հայաստան կրնայ տարածաշրջանէն ներս առեւտրային նոր ուղիներու կեդրոն մը դառնալ»: Քայա Քալասն ալ ընդգծեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան գործընթացէն ներս արձանագրուած յառաջընթացը պատմական հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ: 

Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց Հայաստան-ԵՄ յարաբերութիւններուն առջեւ ուրուագծուած պատմական նոր հեռանկարները: Երէկուան առաջին գագաթաժողովը, վարչապետին համոզմամբ, նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէ կողմերուն յարաբերութիւնները: Մինչ այդ, Փաշինեան մատնանշեց, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութիւնը տակաւ հաստատութենական կը դառնայ՝ անկախ համապատասխան փաստաթուղթի ստորագրումէն: 

Հայաստան-Եւրոմիութիւն առաջին գագաթաժողովին հետ նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ «Երեւանեան երկխօսութիւն» միջազգային 3-րդ համաժողովը: Մէկ կողմէ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցան բանակցութիւնները, իսկ միւս կողմէ այս համաժողովը դարձաւ հարթակ մը, որու վրայ շահագրգիռ կողմեր պատգամներ փոխանցեցին Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ: Այս առթիւ Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալէն Պերսէ նշեց, որ Հայաստան ունի իր արժանի տեղը եւրոպական ընտանիքէն ներս: 

Եւրոմիութեան յառաջատար պետութիւններէն Ֆրանսայի կողմէ ալ ամենաբարձր մակարդակի վրայ պատգամներ փոխանցուեցան՝ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համագործակցութեան զարգացման խրախուսման: Երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմաննիւէլ Մաքրոն պետական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան: Մաքրոն այս այցելութեան ծրագիրը իրականացնելու զուգահեռ՝ մասնակցեցաւ նաեւ «Երեւանեան երկխօսութեան»: Ֆրանսացի ղեկավարը շեշտեց, որ Հայաստան վճռականօրէն կը շարժի դէպի Եւրոպա: «Սա Հայաստանի պահն է, երբ կը բացուի խաղաղութեան, բարգաւաճման եւ տարածաշրջանային վերափոխման ճանապարհը», ըսաւ ան: Միեւնոյն ժամանակ, Էմաննիւէլ Մաքրոն աւելցուց. «Մենք կառուցեցինք մեծ Եւրոպան եւ Հայաստան մեզի հետ անցաւ այս ճանապարհը»: 

Իր կարգին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանի ի նպաստ ցուցաբերուած հետեւողական աջակցութեան համար:

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2026