ՂԱԶԱԽԻՍՏԱՆԻՆ ՄԵԾ ՎԱՐԿ

Եւրոմիութիւնը այս շրջանին իրերայաջորդ որոշումներ կ՚ընդունի՝ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներու հետ համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ: Այսպէս, Եւրոպայի վերակառուցման եւ զարգացման դրամատունը որոշած է 255 միլիոն եւրօ յատկացնել Ղազախիստանին: Այս գումարով Ղազախիստանէ ներս պիտի կառուցուի առաջին մեծածաւալ ոսկիի մշակման գործարանը: Եւրոպայի վերակառուցման եւ զարգացման դրամատան միջոցներով պիտի գանձատ-րըւի համապատասխան շինարարութիւնը: 

Այս ծրագրին նպատակն է՝ ցարդ անհասանելի մնացած ոսկիի պաշարները արդիւնահանել, ինչպէս նաեւ խրախուսել մետաղագործութեան եւ հանքարդիւնաբերութեան տեղական հատուածը: 

Հարկ է յիշեցնել, որ Ղազախիստանի նախագահ Քասըմ Ճէօմերթ Թոքաեւ վերջերս պաշտօնական այցելութիւն մը տուած էր Պրիւքսէլ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2026