ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՄԱՆ ՔԱՅԼ

Մոսկուայի, Թեհրանի եւ Պաքուի ներկայացուցիչները ստորագրեցին եռակողմանի փոխըմբռնման յուշագիր մը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս փաստաթուղթին նպատակն է բարելաւել՝ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկաթուղային բեռնափոխադրումները: 

Շաբաթավերջին փաստաթուղթին տակ ստորագրութիւն դրին՝ Իրանի ճանապարհներու եւ քաղաքաշինութեան փոխ-նախարար եւ երկաթուղային վարչութեան ղեկավար Ճապար Ալի Զաքերի, «Ռուսական երկաթուղիներ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Օլէկ Պելոզիորով եւ «Ատրպէյճանի երկաթուղիներ» ընկերութեան ղեկավար Ռովշան Ռուստամով:

Փաստաթուղթի ստորագրման առընթեր, պաշտօնեաները քննարկեցին նաեւ Հիւսիս-հարաւ միջանցքի արեւմտեան երկաթուղիի զարգացման վերաբերեալ հարցեր:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2026