ՊՐԻՒՔՍԷԼ ՀԵՏԵՒՈՂԱԿԱՆ

Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման հարցերու գծով յանձնակատար Մարթա Քոս յայտարարեց, որ Թուրքիա, Հայաստան եւ Ատրպէյճան տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ուղղութեամբ կը խորացնեն համագործակցութիւնը: Եւրոպացի յանձնակատարը, որ վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի, Պաքուի եւ Անգարայի մէջ, տեղեկացուց, թէ բարձր մակարդակի բանակցութիւնները տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան զարգացման շուրջ համագործակցութիւնը նոր փուլ մը բարձրացուցած են: 

«Ես նոր վերադարձայ Թուքրիայէն, Ատրպէյճանէն եւ Հայաստանէն, ուր մենք փոխկապակցուածութեան զարգացման ուղղութեամբ մեր աշխատանքը տեղափոխեցինք յաջորդ փուլ: Սա կրնայ նպաստել Հարաւային Կովկասէ ներս երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման, միեւնոյն ժամանակ, զանազանեցնելով եւ թէ զարգացնելով Եւրոպայի եւ Ասիոյ միջեւ առեւտրային եւ ուժանիւթի երթուղիները», նշեց Մարթա Քոս՝ ընկերային ցանցերու վրայ կատարած համապատասխան գրառումով: 

Յանձնակատարը աւելցուց, որ ընդլայնումը եւ փոխկապակցուածութիւնը միասին յառաջ կ՚ընթանան եւ երկուքն ալ կը նպաստեն Եւրոպայի կայունութեան, բարգաւաճման եւ անվտանգութեան: 

Մարթա Քոս մաս կազմած էր Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի պատուիրակութեան, որ վերջին օրերուն իրերայաջորդ այցելեց Թուրքիա, Ատրպէյճան եւ Հայաստան:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2026