Երեքշաբթի 7, Յուլիս 2026
ԵՔԱԹԵՐԻՆՊՈՒՐԿԻ ՄԷՋ ՖՈՐՈՒՄ
Այսօր, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Ռուսաստան: Եքաթերինպուրկ քաղաքին մէջ ան կը մասնակցի «Իննոփրոմ» միջազգային համաժողովին: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ այս համաժողովի շրջանակներէն ներս նախատեսուած է Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը՝ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ: Հարկ է յիշեցնել, որ երկու վարչապետներուն միջեւ վերջին օրերուն տեղի ունեցած էր հեռախօսազրոյց մը:
Եքաթերինպուրկի «Իննոփրոմ» արդիւնաբերական համաժողովը կը շարունակուի մինչեւ յուլիսի 9-ը:
Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2026