ՅԱՐԱՏԵՒ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրիտրիխ Մերց յայտարարեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ աջակցութիւն ցուցաբերել Ուքրայնային:
Դէպի Քիեւ այցելութեան ընթացքին Ֆրիտրիխ Մերց հիւրընկալուեցաւ Ուքրայնայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի կողմէ: Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Քիեւի մէջ Ֆրիտրիխ Մերց յայտարարեց, որ Գերմանիա յաւելեալ մէկ միլիառ եւրօ արժողութեամբ ռազմական օգնութիւն պիտի տրամադրէ Ուքրայնային:
Մերցի եւ Զելենսքիի մամլոյ համատեղ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Ուքրայնայի ուժանիւթի ոլորտի վերականգնման խնդրին: Մերց յայտնեց, որ այս նպատակին համար գերմանական կողմը 350 միլիոն եւրօ պիտի յատկացնէ: Ան աւելցուց, որ Պերլին կը շարունակէ մնալ Քիեւի ամենահետեւողական աջակիցը:
«Մենք սա կ՚ընենք ո՛չ միայն Ուքրայնայի տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու համար, այլեւ մեր սեփական շահերէն ելլելով, որովհետեւ խօսքը Եւրոպայի անվտանգութեան մասին է»: Մերց համոզուած է, թէ Ռուսաստանի սիպեր յարձակումները եւ ապատեղեկատուական արշաւները կ՚իրականացուին՝ Եւրոպայի ժողովրդավարական կարգերը թիրախաւորելու նպատակով: