ԱՄՆ-Ի ՊԵՏԱԿԱՆ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻ ՏԵՂԱԿԱԼԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալ Ռայլի Պառնս վերջին օրերուն հիւրընկալուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ: Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը, որ վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ շփումներ ունեցաւ, ընդունուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ Արարողակարգի բաժնի տնօրէն, վանօրէից տեսուչ Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեանի կողմէ: 

Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի դեսպանութիւնը այս կապակցութեամբ հրապարակեց ամփոփ տեղեկութիւններ: Այսպէս, Ռայլի Պառնս այցելեց նաեւ Խոր Վիրապ եւ Մատենադարան:

«Անհաւանական տպաւորութիւններով կը հեռանամ Հայաստանէն: Հիացած եմ Հայաստանի հարուստ քրիստոնէական ժառանգութեամբ եւ մշակոյթով: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Գերշ. Տ. Նաթան արք. Յովհաննիսեանին՝ Էջմիածնի մէջ զիս հիւրընկալելու համար, ինչպէս նաեւ Խոր Վիրապի եւ Մատենադարանի իմ սիրելի հիւրընկալներուն», յայտնեց ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը: 

Հարկ է յիշեցնել, որ շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին այցելած էր նաեւ Սպիտակ տան հաւատքի հարցերով գրասենեակի աւագ խորհրդական Փոլա Ուայթ-Քէյն, որ հիւրընկալուած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ: 

Ռայլի Պառնս ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի տեղակալն է՝ ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ աշխատանքի հարցերով: Անցեալ շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտը հիւրընկալուած էր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի կողմէ: Այդ հանդիպման ընթացքին քննարկուած էին Երեւան-Ուաշինկթըն համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան օրակարգի հարցեր:

Հայաստանէ ներս առկայ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութիւնը հետզհետէ աւելի լայն արձագանգ կը գտնէ միջազգային բեմահարթակի վրայ՝ մանաւանդ, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կառավարութիւնը կը պատրաստուի գործնական եւ աւելի խիստ միջոցներու դիմելու Վեհափառ Հայրապետը գահընկէց ընելու համար: Միջազգային հաւաքականութեան եւ համաքրիստոնէական ընտանիքին կողմէ Նորին Սրբութիւնը կ’ընկալուի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ գլուխը եւ այս առումով օրինական կամ իրաւական տեսակէտէ որեւէ տարակուսանք խնդրոյ առարկայ չէ: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, միջազգային բարձր մակարդակի այսպիսի այցելութիւնները միշտ դուռ կը բանան այն տպաւորութեան, թէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն բարձրացած ձայնը անարձագանգ չի մնար համաշխարհային հարթութեան վրայ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2026