ՄՇՏԱԿԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան շփումներ ունեցաւ Թեհրանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Իրանի ղեկավարութեան կողմէ։ Արարատ Միրզոյեան բանակցութիւններ վարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ։ Կողմերու օրակարգին վրայ էին ուժանիւթի, փոխադրութեան եւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ոլորտներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։ 

Նախարար Միրզոյեան օրուան տեւողութեան ընդունուեցաւ նաեւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի կողմէ: Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ ի շարունակութիւն Նիւ Եորքի մէջ Փեզեշքիանի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման՝ զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրեցին Երեւան-Թեհրան քաղաքական շփումներու աշխոյժ օրակարգը։ Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձուեցան ապաշրջափակման ենթակառուցուածքներու զարգացման եւ ուժանիւթի ոլորտէ ներս փոխշահաւէտ համագործակցութեան ծրագրերը: Նախարար Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց TRIPP նախագծի իրականացման ընթացքը։ 

Արարատ Միրզոյեան եւ Մեսուտ Փեզեշքիան կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերու շուրջ։ 

Ի լրումն այս բոլորին՝ կողմերը քննարկեցին Երեւանի մէջ նախատեսուած «COP17» համաժողովին Իրանէն բարձր մակարդակի մասնակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2026