ՄԱՀ՝ ՊԵՆՈՆ ՍԵՒԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Նիկոսիոյ մէջ 89 տարեկան հասակին իր մահկանացուն կնքած է՝ հայ սփիւռքի ամենահեղինակաւոր անուններէն, երէց սերունդի անմոռանալի գործիչ Պենոն Սեւան։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կիպրոսի մասնաճիւղի երկարամեայ ներկայացուցիչը եղած էր Պենոն Սեւան, բայց, իր արհեստավարժ գործունէութիւնը միշտ եղած էր միջազգային մակարդակի վրայ։ Այսպէս, ան ականաւոր դիւանագէտ մըն էր եւ երկար տարիներ աշխատած էր ՄԱԿ-է ներս։ Եղած էր համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին տեղակալը եւ այդ պաշտօնը վարած էր միջազգային քաղաքականութեան տեսակէտէ բաւական բարդ ժամանակաշրջաններու մէջ։ Այդ դիրքին վրայ ինքզինք արդարացնելով ձեռք բերած էր բարի համբաւ։

Պենոն Սեւան, որ ծնած էր 1937 թուականին, հայկական սփիւռքի խորհրդանշական անուններէն մին էր։

ՀԲԸՄ-ի Կիպրոսի մասնաճիւղը գոյժը հաղորդելու համար հրապարակած է ցաւակցական մը, ուր ընդգծուած է, որ հոգելոյս Պենոն Սեւան միշտ ապրած էր՝ ամբողջական նուիրումով այս բարենպատակ կառոյցին նկատմամբ։ Միջոց մը եղած էր նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն։

Ի լրումն այս բոլորին, Պենոն Սեւան կիպրահայ համայնքին տեսակէտէ եղած էր բացարձակ ղեկավար մը, իր կերպարով առաջնորդած էր սերունդներ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2026