ԳՈՎԱ՞ԶԴ, ԹԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ՇԱՀ

Գիտեմ, որ ընթերցողներէն շատերը ինձ հետ համաձայն չեն ըլլար, բայց, որպէս մարդ` ես համերաշխ եմ Ուքրայնայի ժողովուրդին հետ, որ աւելի քան չորս տարիէ ի վեր կը դիմակայէ Ռուսաստանի բռնութեան։ Այդ դիրքորոշումս չի սասանուիր այն պատճառով, որ ինչպէս առաջին, այնպէս ալ երկրորդ Արցախի պատերազմի ժամանակ Ուքրայնա հանդէս կու գար՝ որպէս Ատրպէյճանի եթէ ո՛չ դաշնակից, ապա շատ հարցերու մէջ անոր աջակից երկիր: Բայց, որպէս քաղաքական իրապաշտութեան կողմնակից՝ ես շատ կը փափաքէի, որ Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքիի այցելութիւնը Երեւան եւ անոր արտասանած ճառերու հետեւանքները նախօրօք հաշուարկուած ըլլային: Հայաստան չի գտնուիր այն իրավիճակին մէջ, որ իրեն թոյլ տայ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող այս թեքթոնիք փոփոխութիւններու պայմաններուն մէջ յայտնուի ճեղքուածքներէն մէկուն վրայ: Կը կարծեմ, հնարաւոր էր դիւանագիտական եղանակներով համաձայնեցնել, որ Զելենսքին Երեւանէն Մոսկուայի վրայ յարձակմամբ չսպառնայ, այդ ալ՝ մայիսի 9-ին, Ռուսաստանի համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող օրը: Եթէ համաձայնեցնելու փորձ չէ եղած, ապա վատ է: Եթէ եղած է, բայց չէ յաջողած, նոյնպէս վատ է: Եթէ Փաշինեան ուրախ է, որ նման սպառնալիքներ հնչած են (ինչը իր, մեղմ խօսքով, ոչ-հասուն ուղեղի պարագային հնարաւոր է)՝ աւելի վատ:

Այն, որ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը՝ դրական փաստ է: Պարզապէս, շատ փափաքելի կ՚ըլլար, որ հիւրընկալ կողմը աւելի լաւ պատրաստուէր այդ բանին՝ մասնաւորապէս ճշդէր օրակարգը: Օրինակ, պայմանաւորուէր, որ գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս Մաքրոնը եւ Սթարմըրը Ուքրայնայի հարցով հանդիպում չկազմակերպէին: Եթէ դուն քու երկրիդ մէջ տեղի ունեցող միջոցառման օրակարգի վրայ չես կրնար ազդել, ապա քու ինքնիշխանութեան մասին պնդումներդ կասկածելի են: Ի հարկէ, ենթադրելի է, որ այդ ամէնը Փաշինեանին չէր ալ հետաքրքրեր: Անոր կը հետաքրքրէր նախընտրական PR-ը (գովազդ)՝ տեսէք-տեսէք, թէ եւրոպական ղեկավարները ինձ որքան կը սիրեն, խելքերնին կ՚երթայ ինձ համար: Մանր, գաւառական հաճոյքներ, մէկ խօսքով: 

Իսկ քանի որ քաղցր խօսքերը ձրի են, եւրոպական ղեկավարներէն ոչինչ չի պակսիր, եթէ իրենց հաճոյախօսութիւններով նպաստեն այդ PR-ին: Ֆրանսայի նախագահ Մաքրոնը այդ առումով առանձնացաւ բոլորէն՝ պնդելով, որ ութ տարի առաջ Երեւան ո՛չ ոք չէր գար: Այսինքն՝ 2018 թուականի Փաշինեանի «Թաւշեայ յեղափոխութեան» շնորհիւ է, որ եւրոպական ղեկավարները կը շփուին Հայաստանի ղեկավարներու հետ: …Ընդհանրապէս, որեւէ երկիր այցելելէ առաջ երկրի ղեկավարի սեղանին կը դնեն այդ երկրի հետ յարաբերութիւններու հակիրճ պատմութիւնը: Մաքրոնի օգնականները, հաւանաբար, այս հարցին մէջ զլացած ըլլան:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Հինգշաբթի, Մայիս 7, 2026